Հայկ Նահապետ հսկայ մըն էր, ան շատ քաջ էր:
կը կռուէր նետ ու աղեղով անոր համար ալ կոչուեցաւ Հայկ Աղեղնաւոր,
ունէր Գանգուր մազեր, հաստ բազուկներ եւ մեղրագոյն աչքեր:
Հայկ Նահապետ մեր նախահայրն է, ան ազատասէր էր, կը սիրէր ազատ ապրիլ եւ կ՛ուզէր, որ իր զաւակներն ալ ազատ ապրին:
Հայկ առաջ կը բնակէր Բաբելոն քաղաքին մէջ, այնտեղ ուրիշ հսկաներ ալ կ՛ապրէին:
Բաբելոնի մէջ ջրհեղեղ մը եղաւ, հսկաները որոշեցին այնտեղ աշտարակ մը կառուցել:
Հսկաներուն պետը Բէլն էր, Բէլ չար էր, բռնակալ էր, ան կ՛ուզէր որ բոլորը հնազանդին իրեն:
Հայկ չուզեց հնազանդիլ Բէլին, որովհետեւ ազատասէր էր, ան ազատութիւնը կը սիրէր ամէն բանէ աւելի:
Հայկ Նահապետ առաւ իր կինն ու զաւակները, թոռնիկները, ազգականներն ու բարեկամները, զինուորները եւ հեռացաւ Բաբելոնէն
գնաց դէպի հիւսիս հասաւ բարձր լեռներով ծածկուած երկիր մը: Այստեղ Հայկ քաղաք մը շինեց եւ իր ընտանիքով ու քաջ զինուորներով հոն ապրեցան,
այս քաղաքը իր անունով կոչուեցաւ Հայկաշէն: Բէլ երբ լսեց որ Հայկ հեռացած է շատ բարկացաւ , առաւ անթիւ, անհամար զինուորնեը եւ Հայկի դէմ կռուելու գնաց:
Հայկ իր 300 զինուորներով քաջաբար գնաց Բէլին դէմ քաշեց իր լայնալիճ աղեղը՝ նետը արձակեց եւ յաղթեց անոր, իսկ Բէլի զինուորները փախան :
Պատերազմը յաղթելէն ետք, Հայկ նայեցաւ իր շուրջի լեռներուն եւ ըսաւ այստեղ ծածկուած է գեղեցիկ լեռներով, այստեղ կարելի է ազատ ապրիլ,:
Հայկ գեղեցիկ լեռներով պատուած այդ հողին վրայ կառուցեց իր երկիրը եւ այդ երկիրը կոչուեցաւ Հայաստան:
Հայկի զաւակները՝ այսինքն մենք, կոչուեցանք հայ, իսկ մեր երկիրը՝ Հայաստան:
Հարցարան
1-Հայկ ինչպիսի՞ մէկն էր եւ ի՞նչ զէնք կը գործածեր
2-Ի՞նչ ըսել է Նահապետ:
3-Հայկ ո՞ր քաղաքին մէջ կը բնակէր:
4-Հայկ որո՞ւն դէմ կը պայքարէր, անոր հակառակորդը ինչպիսի՞ մէկն էր:
5-Հայկի անունով ինչե՞ր կոչուեցան:
6-Հայաստան ինչպիսի՞ երկիր մըն է: