Պահքը աւարտելու համար պէտք է Ս. Զատկուան ճրագալոյցին` շաբաթ օրը, առտուընէ ծոմ պահել
(բան չուտել եւ չխմել` բացի ջուրէն), իսկ երեկոյեան մասնակցելով Ճրագալոյցի Պատարագին`
Ս. Հաղորդութիւն ստանալ, որմէ ետք պահքը կ՚աւարտի:
Հաւկիթը կը ներկեն Զատկուան նախորդ` շաբաթ օրը, իսկ փիլաւը չամիչով կ՛եփեն: Կարմիր հաւկիթը
կը համարուի յարութեան եւ նոր կեանքի սկզբնաւորման խորհրդանիշ: Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ
խաչեալ Յիսուսի կենդանարար Արիւնը, որ թափուեցաւ մեր փրկութեան համար:
Գերեզմանատուն երթալը Ս. Զատկուան օրը խստիւ կ՛արգիլուի: Հոգեհանգստեան արարողութեան եւ գերեզմանատուն այցելութեան օրը մեռելոցն է:
Ս. Զատկուան տօնէն սկսած հարկ է քահանայ հրաւիրել տուն` Տունօրհնէքի կարգ կատարելու:
Զիրար կը շնորհաւորենք «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով, կը պատասխանենք։
«Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի»։
