ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի Առասպելները. Արտաշէս Աշխարհակալ

Արտաշէս Առաջին, որ եղած է հայոց ամենահզօր եւ ամենալաւարքաներէն մէկը, այնքան լաւ, որ կոչուած է Բարի Արտաշէս: Պիտի գիտնաք, թէ Արտաշէս ինչու Աշխարհակալ կոչուեցաւ, եւթէ ինչ ըրաւ անոր որդին Արտաւազդը:

Արտաշէս թագաւոր Աշխարհակալ կոչուեցաւ, որովհետեւ անգրաւեց բոլոր հայերէն խօսող ցեղերու երկիրները եւընդարձակեց Հայաստանի սահմանները: Արտաշէս թագաւորկառուցեց նոր մայրաքաղաք մը, որ իր անունով Արտաշատկոչուեցաւ: Արտաշատը եղաւ պատմական Հայաստանի 4-րդմայրաքաղաք։

Արտաշէս թագաւորի օրերուն ալաններու կռուարար ցեղըփորձեց գրաւել Հայաստանը: Քաջ Արտաշէս պատանդվերցուց ալաններու արքայազնը: Արքայազնի  քոյրը, Սաթենիկուզեց  ազատել իր եղբօր, ան իր իմաստուն խօսքերով եւգեղեցկութեամբ գրաւեց հայոց թագաւորի սիրտը:

Սիրահարուած Արտաշէսը խաղաղութիւն հաստատեցալաններու հետ, փախցուց Սաթենիկը եւ ամուսնացաւ անորհետ։ Արտաշէս երջանիկ կառավարեց երկիրը մինչեւ խործերութիւն: Արտաւազդ, որ Արտաշէսի մեծ որդին էր եւ անոր գահաժառանգը, կը նախանձէր բոլոր անոնց, որոնց հանդէպթագաւորը բարի էր, ան նոյնիսկ իր հարազատներէն կընախանձէր: Օր մը երբ մօտեցաւ սիրուած արքայի մահուանժամը, հպատակներէն շատեր նոյնիսկ անձնասպան եղան: Արտաւազդ տեսնելով այդ բոլորը, զայրացած ըսաւ իր հօրը. –Ալ ես որո՞ւն կառավարեմ, երբ բոլորը հետդ կը տանիս: Արտաշէս թագաւոր վիրաւորուած Արտաւազդէն անիծեց զինքեւ ըսաւ. – Երբ դուն որսի երթաս Ազատ Մասիսն ի վեր, քաջքերը թող շղթայեն քեզ ու բանտարկեն Ազատ Մասիսի մեծանդունդին մէջ, եւ հոն մնաս ու երբեք լոյս չտեսնես: Կըսուի, թէ հօր անէծքը կատարուեցաւ: Որսի պահուն՝ Արտաւաազդ իրնժոյգին հետ գլորեցաւ անդունդին մէջ եւ քաջքերը զինքշղթաներով կապեցին:

Եկէ՛ք պատասխանենք,-

Արտաշէս թագաւոր ինչո՞ւ աշխարհակալ կոչուեցաւ

Արտաշէս թագաւոր Աշխարհակալ կոչուեցաւ, որովհետեւ անգրաւեց բոլոր հայերէն խօսող ցեղերու երկիրները եւՀայաստանի սահմանները ընդարձակեց:

Արտաշէս թագաւոր ի՞նչ կառուցեց

Արտաշէս թագաւոր կառուցեց նոր մայրաքաղաք մը, որ իրանունով Արտաշատ կոչուեցաւ: Արտաշատ եղաւ պատմականՀայաստանի 4-րդ մայրաքաղաքը։

Արտաշէս ո՞ր ցեղին դէմ կռուեցաւ, եւ որո՞ւն պատանդ վերցուց

Արտաշէս թագաւոր կռուեցաւ  ալաններու  ցեղին դեմ, եւպատանդ վերցուց ալաններու արքայազնը:

Ո՞վ գրաւեց Արտաշէսին սիրտը եւ ի՞նչ եղաւ

Ալաններու արքայազնի քոյրը՝ Սաթենիկ, իր իմաստունխօսքերով ու գեղեցկութեամբ գրաւեց հայոց թագաւորինսիրտը: Սիրահարուած Արտաշէսը խաղաղութիւն հաստատեցալաններու հետ, փախցուց Սաթենիկը եւ ամուսնացաւ անորհետ։

Արտաշէս մինչեւ ե՞րբ կառավարեց երկիրը, ո՞վ էր անորգահաժառանգը

Արտաշէս թագաւոր երկիրը կառավարեց մինչեւ խործերութիւն, անոր գահաժառանգը եղաւ , իր  մեծ որդին՝Արտաւազդը:

Բառարան

Հզօր= զօրաւոր

Վիպերգ= հերոսավէպ

Առասպել= հէքիաթ

Աշխարհակալ=շատ երկիրներ գրաւող

Ընդարձակել=ընդլայնել, տարածել 

Բռնակալ= բռնապետ, ուժով տիրող 

Կռուարար=կռուասէր

Արքայազն=իշխան

Գահաժառանգ = թագաւորի յաջորդ

Հարազատ=մօտիկ ազգական  

Հպատակ =ենթարկեալ

Զայրացած=բարկացած

Անէծք=չար մաղթանք 

Անդունդ= վիհ, խորք

Նժոյգ=ձի

Քաջք=ոգի

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...