Ինչպէս կարելի է յարաբերիլ եւ գործ ունենալ դժուար պատանիներու հետ, դեռահասները եզակի
եւ յաճախ երկիմաստ տեսակ են, անոնք կը պայքարին անհատականութեան համար եւ կը զգան ,
որ անպարտելի են:
Հայր եւ որդի յարաբերութիւնները կրնան աւելի բարդ ըլլալ, եթէ անոնք ունին տարբեր հետաքրքրութիւններ
եւ հակումներ լայն մակարդակի վրայ, սովորաբար հայրը կ՛ակնկալէ, որ իր որդին նոյն իր ճանապարհով
երթայ նոյն աշխատանքը եւ նախասիրութիւնները ունենայ, սակայն ատիկա հազուադէպ կը պատահի, եւ
այս պարագային դուք պէտք է որոնէք ընդհանուր ընելիքներ ` որսորդութիւն, ընթերցանութիւն կամ
ճամբարային աշխատանք, քանի որ ատիկա կը փրկէ եւ կ’ամրապնդէ յարաբերութիւնները:
Փորձեցէք չխուսափիլ երեխաներուն հետ կարեւոր զրոյցներ ունենալէն, ինչպիսիք են սեռի մասին խօսիլը:
Դեռահասներուն անհրաժեշտ է, որ ինչ-որ մէկը անոնց լսէ, քան լուծումներ կամ խորհուդրներ տայ:
Դասախօսութիւն մի կարդաք անոնց, ձեր խօսակցութիւնը թող ըլլայ կարեւոր հարցերու շուրջ եւ թոյլ
տուէք, որ անոնք արձագանգեն այդ հարցերուն:
Վերահսկեցէք ձեր զգացումները, չնայած դուք կրնաք հիասթափուիլ եւ զայրանալ, պոռալը եւ բանաւոր բարկութիւնը չեն յանգեցներ ձեր ուզած արդիւնքին, տղան կը հասկնայ, որ դուք կը պարտադրէք եւ կը
յարձակիք անոր վրայ, եւ ատիկա կը ստիպէ զինք փախչիլ կամ յուզուիլ:
Կեդրոնացէք դրականի վրայ: Որպէս ծնողք, մենք պէտք է դրական աջակցութիւն ցոյց տանք եւ նշենք մեր երեխաներու ձեռքբերումները, որ կ’օգնէ կառուցել վստահութեան փոխյարաբերութիւններ եւ յաղթահարել բացասական տրամադրութիւնը:
Կարեւոր է կեդրոնանալ հոգեւորի վրայ, օգնեցէք ձեր տղուն հասկնալ կեանքի աւելի խոր իմաստը, հարցերուն նայիլ ամբողջութեամբ, ներդաշնակօրէն վերաբերիլ բնութեան, Աստուծոյ եւ ինքն իր անձին հետ, այսպիսով կ’օգնէք անոր դիմանալ եւ յաջողութեամբ յաղթահարել դժուարութիւնները: