Ինչպէ՞ս

Ինչպէ՞ս կազմուած են ցամաքամասերը

 

250 միլիոն տարիներ առաջ միայն մէկ ցամաքամաս գոյութիւն ունէր` Փանժէան: Ժամանակի ընթացքին Փանժէան բազմաթիւ կտորներու բաժնուած է, ապա այս կտորները կամաց-կամաց իրարմէ հեռացած են ծովերով:

Ինչպէ՞ս կ’արձագանգէ ձայնը

Երբ մենք կը պոռանք արգելիքի մը մօտ (բարձր ժայռեր, լեռներ, շէնք…), մենք նոյն կանչը կը լսենք 2 երկվայրկեան ետք, ասիկա արձագանգ է: Ձայնը արգելքի մը բախելով` վերադարձած եւ հակառակ ճամբան առած է:

Ինչպէ՞ս կը գործէ մանրալիք փուռը (մայքրօուէյվ)

Մանրալիք (մաքրօույէվ) փուռը ուտեստները սովորական փուռի մը նման չի տաքցներ, այլ կ՛օգտագործէ ուտեստներուն մէջ գոյութիւն ունեցող ջուրի մանր մասնիկները: Անիկա զանոնք կը շարժէ եւ այս շարժումէն կը յառաջանայ տաքութիւնը: Այս ձեւով մենք կրնանք արագօրէն տաքցնել ուտելիքները:

Իսկ ինչպէս գիտէք մանրալիք փուռի մէջ մետաղեայ իրեր կամ անով պատուած թուղթեր դնելը վտանգաւոր է։

աղբիւրը՝ ԿԿՈՒ (Հալէպ)

Leave a Reply

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...