301 թուականին քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակելէն ետք, Հայաստան դարձաւ համաշխարհային մշակոյթի զարգացման կարեւորագոյն օջախներէն մէկը:

Դարեր շարունակ հայկական մշակոյթը զարգացած է Հայ եկեղեցւոյ հովանաւորութեան ներքոյ: Մոմիկի, Վարդանի եւ միւս հռչակաւոր քարագործ վարպետներու սքանչելի եւ մէկը միւսին չկրկնող աշխատանքներով կարելի է հիանալ Հայաստանի մէջ ամէն տեղ գտնուող հնադարեան գեղատեսիլ վանքերով:

Աշխարհի մէջ խաչքարերու ամենամեծ հաւաքածուն կը համարուի Նորատուսի գերեզմանատունը: Նորատուս գիւղը կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիքի մարզի մէջ, Գաւառէն 5 քմ հիւսիս-արեւելք

5-րդ դարու սկզբին Մերոպ Մաշտոց ստեղծեց հայոց գիրերը եւ հայերէն թարգմանեց Աստուածաշունչը: Ան կ’անուանուի «Թարգմանութիւններու թագուհի»:
Սկսաւ հայկական մշակոյթի ծաղկման դարաշրջանը: Հայ աստուածաբանները ստեղծեցին իրենց աշխատութիւնները եւ հայերէն թարգմանեցին բազմաթիւ աստուածաբանական գործեր ու հոգեւոր ստեղծագործութիւններ, իսկ Եզնիկ Կողբացիի եւ Կորիւնի թարգմանութիւնները ժամանակի համար դարձան չափանիշ:
Այս շրջանին ալ Հայաստանի մէջ ծնաւ ձեռագիր մատեաններու էջերը նկարազարդելու արուեստը` մանրանկարչութիւնը, որուն անգերազանցելի վարպետներէն են Աւագ Մարգարէն, Թորոս Ռոսլինն ու Սարգիս Պիծակը:

Անոնց մանրանկարներուն կարելի է ծանօթանալ աշխարհի մէջ հին ձեռագրերու խոշորագոյն պահոցներէն մէկուն՝ Երեւանի Մատենադարանի մէջ: Հայ եկեղեցւոյ հովանիի ներքոյ ստեղծուեցան Գլաձորի, Տաթեւի, Նորավանքի, Սիսի ու Անիի համալսարանները, ուր կը դասաւանդէին աստուածաբանութեան, գիտութեան, փիլիսոփայութեան ու մշակոյթի կարկառուն ներկայացուցիչներ Գրիգոր Տաթեւացին, Յովհաննէս Որոտնեցին, Գրիգոր Մագիստրոսը, Վահրամ Րաբունին եւ ուրիշներ:
Միջնադարուն Հայաստանի մէջ ծաղկում կ’ապրի ազգային պատմագիտական դպրոցը, որուն զարգացումը կապուած է Մովսէս Խորենացիի, Ագաթանգեղոսի, Փաւստոս Բիւզանդի, Ղազար Փարպեցիի, Ստեփանոս Տարօնացիի, Կիրակոս Գանձակեցիի անուններուն հետ: Ժամանակի խոշորագոյն իրաւագէտ ու առակագիր Մխիթար Գօշը կը կազմէ հայկական օրէնքներու առաջին համահաւաք ժողովածուն՝ «Դատաստանագիրքը»: Իսկ մաթեմատիկոս ու տիեզերագէտ Անանիա Շիրակացիի եւ մեծ բժշկապետ ՄՀայաստանը քաղաքակրթութեան օրրաններէն մէկն է հոգեւոր ստեղծագործութիւններ, իսկ Եզնիկ Կողբացիի եւ Կորիւնի թարգմանութիւնները ժամանակի համար դարձան չափանիշ:
