Աշխարհի Արարումը. Աստուածաշունչ

Աստուած ստեղծեց երկինքն ու երկիրը։ Երկիրն անձեւ էր ու դատարկ։ Ան ընկղմուած էր խաւարի մէջ։

Աստուած ըսաւ. «Եղիցի’ լոյս» (թող լոյս ըլլայ)։

Տէրը տեսաւ, որ լոյսը բարի է։

Անիկա եղաւ առաջին օրը։

Երկրորդ օրն Աստուած ստեղծեց կապոյտ երկինքն ու ամպերը եւ տեսաւ, որ անիկա բարի է։

Երրորդ օրն Աստուած ստեղծեց ջուրը։

Մէկ կողմը ովկիանոս էր, միւս կողմը՝ ամուր հողը։

Այդ ժամանակ յայտնուեցան բոյսերն իրենց ծաղիկներով, ծառերը իրենց պտուղներով։

Եւ Աստուած տեսաւ, որ անիկա բարի է

Չորրորդ օրը Աստուած ստեղծեց արեւը՝ երկիրը լուսաւորելու համար։

Ան ստեղծեց նաեւ լուսինը եւ աստղերը՝ գիշերը լուսաւորելու համար։

Եւ Աստուած տեսաւ, որ անիկա բարի է։

Հինգերորդ օրը Աստուած ստեղծեց ծովուն մէջ լողացող մեծ ու փոքրիկ ձուկերը։

Աստուած զիրենք օրհնեց եւ ըսաւ. «լեցուցէ’ք ծովուն ջուրերը»։

Աստուած ստեղծեց նաեւ օդին մէջ ճախրող բոլոր թռչունները եւ տեսա, որ անիկա բարի է։

Տէրը զիրենք օրհնեց եւ ըսաւ.

«Թող թռչունները բազմանան երկրի վրայ»։

Վեցերորդ օրը Աստուած ստեղծեց երկրի բոլոր վայրի եւ ընտանի կենդանիները,

իւրաքանչիւրը ըստ իր տեսակի։ Եւ Աստուած տեսաւ, որ անկիա բարի է

Այդ ժամանակ Աստուած ըսաւ.

«Ստեղծենք մարդը մեր նմանութեամբ եւ պատկերով»։

Աստուած ստեղծեց մարդը իր պատկերով։

Ան ստեղծեց տղամարդն ու կինը։

Աստուած զիրենք օրհնեց ըսելով.

«Բազմացէ’ք, լեցուցէք երկիրը, իշխեցէ’ք ծովուն ձուկերուն, երկնքի թռչուններուն վրայ եւ երկրի վրայ սողացող իւրաքանչիւր կենդանիի վրայ»։

Եւ այդպէս եղաւ։

Եօթերորդ օրն Աստուած հանգստացաւ։

Աստուած նայեցաւ իր արարման եւ տեսաւ, որ անիկա շատ բարի է։

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց ՀԱՅԿԱՌՇԱՐՀ-ը

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...