
Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի «Էսթատիօ Տալուզ» մարզադաշտին մէջ 2007-ին, յայտարարուեցան աշխարհի 7 նոր հրաշալիքներուն ընտրութեան արդիւնքները: Համացանցի կամ հեռաձայնի ճամբով կատարուած քուէարկութեան մասնակցած էր շուրջ 100 միլիոն հոգի:
Աշխարհի 7 նոր հրաշալիքներու ընտրարշաւը ընթացք առած էր 2000 թուականին՝ զուիցերիացի շարժանկարի արտադրիչ, գրող եւ օդաչու Պեռնար Վեպէրի կողմէն:
2000 թուականին շուրջ 200 վայր ներկայացուած էր իբրեւ թեկնածու՝ աշխարհի հրաշալիք դառնալու, սակայն 2006 թուականին զտումի հանգրուանէ մը ետք 21 վայր անցաւ աւարտական հանգրուան:
Քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք աշխարհի 7 նոր հրաշալիքներ ընտրուած են.
1-Մեքսիքայի Չիչէն Իթզա բուրգը

2- Պրազիլի Քրիստոս Փրկիչ արձանը

3-Չինաստանի մեծ պատը

4- Փերուի Մաչու Փիքչուն
![]()
5-Յորդանանի Փեթրա քաղաքը

6- Հռոմի Քոլիզիոմը

7- Հնդկաստանի Թաժ Մահալը

Անոնք պարտութեան մատնեցին 14 այլ թեկնածուներ, որոնց շարքին՝ Փարիզի Էյֆէլի աշտարակը, Յունաստանի Աքրոփոլիսը, Պոլսոյ Այիա Սոֆիան, Ճափոնի Քիոմիցու տաճարը եւ Ռուսիոյ Կրեմլինը:
Աշխարհի աւանդական 7 հրաշալիքներէն վեցը՝ Բաբելոնի կախուած պարտէզները, Ողիմպոսի Զեւսի արձանը, Եփեսոսի Արտեմիսի մեհեանը, Հալիքարնասի շիրիմը, Ռոտոսի Քոլոսը եւ Աղեքսանդրիոյ փարոսը անհետացած են: Ներկայիս կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ միայն Եգիպտոսի բուրգերը:
Եգիպտացի պաշտօնատարներ յայտնած են, որ բուրգերը պէտք չէր նոյնիսկ մրցոյթի մասնակցէին:
Եգիպտոսի բուրգերը
![]()
