Եղիցի կամք քո= թող ըլլայ քու կամքդ
Ամէն= եթէ խօսքի սկիզբը ըլլայ կը նշանակէ ճշմարիտ, ստոյք
եթէ խօսքի վերջը ըլայ կը նշանակէ թող ըլլայ
- Ամէն հաւանութիւն Աստուծոյ կամքին
- Ամէն անակնկալ ձախողութիւններուն
- Ամէն դժբախտութեան
- Ամէն անձրեւին ու արեւին
- Ամէն յոգնութեան ու անքնութեան
- Ամէն տաքին ու ցուրտին
- Ամէն տխուր օրերուն
- Ամէն ուրախ օրերուն
- Ամէն երիտասարդութեան
- Ամէն ծերութեան
- Ամէն նոյնիսկ մահուան
Նիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ին տրամադրեց Շուշան Պօղոսեանը