
«Հայաստանի Հանրապետութեան պետական զինանշանի մասին» օրէնքը ընդունուած է Գերագոյն
Խորհուրդին կողմէն 1992թ. Ապրիլ 19-ին:
Վերականգնուած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան (1918-1920թթ.) զինանշանը, որուն
հեղինակներն են ճարտարապետ, Ռուսաստանի գեղարուեստի ակադեմիայի ակադեմիկոս Ալեքսանդր Թամանեանը եւ նկարիչ Յակոբ Կոջոյեանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանի կեդրոնական մասի մէջ՝ վահանի վրայ, պատկերուած են
հայկական չորս թագաւորական տոհմերու՝ Արտաշէսեաններու, Արշակունիներու, Բագրատունիներու եւ Ռուբինեաններու (Կիլիկեան թագաւորութիւն) զինանշանները։ Անոնք կը բոլորեն բիբլիական Արարատ
լերան պատկերը, որու գագաթին կ’ուրուագծուի Նոյեան տապանը:

Վահանի երկու կողմէն պատկերուած են առիւծ եւ արծիւ, որոնք կը խորհրդանշեն ոգիի, իշխանութեան, աննկունութեան եւ արիութեան ուժը։ Վարի մասը պատկերուած սուրը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի
պայքարը յանուն ազատութեան եւ անկախութեան, փետուրն ու հասկերը՝ հայ ժողովուրդի ստեղծարար տաղանդը եւ խաղաղասիրութիւնը:

