Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի վերջին տարիներուն Իրանի մայրաքաղաքին մէջ յայտնուած ամերիկեան զօրքերը կը կարօտնային հայրենիքը: Անոնցմէ շատերը կ՛երազէին գարեջուր վայելել աւանդական ձեւով` չիփսով: Այն տարիներուն Թեհրանի մէջ գարեջուրի պակաս չկար, իսկ չիփս ոչ ոք կը պատրաստէր:
Թեհրանի մէջ բնակող Գուրգէն Դանեղեանը չոր միրգ պատրաստելու մասնագէտ էր: Տեսնելով ամերիկացիներու կողմէ չիփսի նկատմամբ պահանջարկը, տեղի հայկական ճաշարաններէն մէկը անոր կ՛առաջարկէ զբաղիլ չիփսի արտադրութեամբ:
Այդպէս Դանեղեանները կը դառնան Թեհրանի մէջ առաջին չիփս արտադրողները:
Այս եկամտաբեր արտադրութեամբ ընտանիքը զբաղած է շուրջ մէկ ու կէս տարի, մինչեւ 1946 թուականի Հայաստան հայրենադարձուիլը:
