ԵրջանկութեաՆ Գաղտնիքը

Հին տարուան վերջին վայրկեաններն էին: Շուտով ժամացոյցին սլաքները կանգ պիտի առնէին 12-ի վրայ, եւ նոր տարին ուրախ ծիծաղով ներս պիտի մտնէր բոլոր տուներէն:
Բժիշկ Մարութեան միացուց ձայնասփիւռը: Երաժշտութիւնը լեցուեցաւ սենեակը: Նրբին հնչիւնները թրթռացուցին սենեակին անկիւնները:

-Հայրի՛կ…
-Ի՞նչ է, Գարիկ:
-Հայրի՛կ, գիտե՞ս ինչ կայ: Այսօր օրաթերթին մէջ գրուած էր որ նոր տարին երախաներուն երջանկութիւն կը բերէ, միթէ այդ ճի՞շդ է:
-Այո՛, ճիշդ է զաւակս: Անշուշտ ճիշդ է,- աւելցուց Գարիկի մայրը:
-Իսկ ի՞նչ է երջանկութիւնը, հայրի՛կ:
-Ինչպէս ըսեմ, զաւակս: Օրինակի համար, երբ դուն…
Յանկարծ դուռը ուժգին բախեցին: Մարութեան ոտքի ելաւ: Մինչ ան ուսերուն կը նետէր վերարկուն, Գարիկ արագօրէն դուրս նետուեցաւ:
Մէկը անհանգիստ ու տագնապով կը ծեծէր դուռը:
Գարիկ ետ քաշեց երկաթէ սողնակը:
Անոր առջեւ մուշտակ հագած կայնած էր ալեխառն մօրուքով ծերունի մը:
-Տղա՛ս, բժիշկը տո՞ւնն է…,- դողդողացող ձայնով հարցուց ան:
-Այո՛, պապիկ: Նե՛րս եկուր:
Ծերունին անվստահ քայլերով ներս մտաւ: Նկատելով աստիճաններէն վար իջնող Մարութեանը, ան յուզուած կերպով ընդառաջ ելաւ.
-Արեւիդ մեռնիմ, բժի՛շկ: Խեղճ թոռնիկս ձեռքէ կ’երթայ, հասի՛ր…
-Ի՞Նչ պատահած է, հայրի՛կ:
-Ինչ գիտնամ, զաւակս: Երեք օրէ ի վեր թոռնիկիս կոկորդը ուռած է: Մենք ալ կարճ խելքով մտածեցինք թէ մսած է, կ’անցնի: Բայց այս իրիկուն տաքութիւնը աւելի բարձրացաւ, ու պզտիկը սկսաւ խռխռալ:
Մարութեան արագօրէն պատրաստուեցաւ ու քիչ ետք դուրս ելաւ, բժշկական փոքրիկ ճամպրուկը ձեռքին.
-Երթանք:
Դռնէն քիչ մը անդին մեծ սահնակ մը կեցած էր: Սահնակին լծուած զոյգ մը ձիեր ոտքերով կը դոփէին ձիւնոտ գետինը ու կը փռնչէին: Անոնց վրայ նետուած հաստ թաղիքին տակէն առատ գոլորշի կը բարձրանար: Այդ կը նշանակէր թէ ձիերը բաւական երկար ճամբայ կտրեր էին:
-Այս եափնջին վրադ առ, չմսիս,- ըսաւ ծերունին ու յետոյ աւելցուց.- Ներողամիտ կ’ըլլաք…
-Ինչո՞ւ համար,- զարմացած հարցուց Մարութեան՝ տեղաւորուելով սահնակին մէջ:
-Անոր համար որ այս սուրբ օրը հարամ ըրինք:
-Աւելի լաւ է որ քշես, չուշանանք:
Ծերունին մտրակեց ձիերը: Անոնք փնչելով նետուեցան առաջ:
Գարիկ ծածկեց դուռը եւ մտասոյզ բարձրացաւ աստիճաններէն:
Ձիերու զնգզնգացող բոժոժներուն ձայնը դեռ երկար ատեն կը լսուէր գիւղին ծայրէն:

Հարթ, փխրուն ձիւնին վրայէն սահնակը առաջ կը սլանայ:
Մարութեանի սիրտը կը ճմլուի: Քամին կարծես իր հետ կը բերէ տանջուող երեխային թոյլ ու ծանր շնչառութիւնը:
-Արա՛գ քշէ, հայրի՛կ,- կը գոչէ բժիշկը անհանգստութեամբ:
Ծերունիին դէմքին վրայէն թեթեւակի կը սահի յոյսի թոյլ ժպիտ մը:
«Լաւ է որ կ’անհանգստանայ: Բժիշկը երբ անհանգստանայ, ուրեմն փրկութեան յոյս կայ…»,- կը մտածէ ան եւ կարծես ուժ ստանալով կը սկսի ոգեւորուած մտրակել քամիի նման սուրացող ձիերը: Հեռուն վերջապէս կը փալփլին գիւղին լոյսերը:
Ահա եւ գիւղը:
Ձիերը ծանրօրէն փնչելով կանգ կ’առնեն փոքրիկ տան մը առջեւ:
…Տնեցիք ու դրացիները, որ մինչ այդ տագնապով շրջապատած էին հիւանդին մահճակալը, բժիշկը ներս մտնելուն պէս ակնածանքով մէկդի քաշուեցան: Ոչ ոք խօսեցաւ… ծանր լռութիւն մը կը տիրէր:
Հիւանդ երախան օրհասական վիճակի մէջ էր: Պատի ժասմացոյցին անտարբեր թիք-թաքը կը խզէր այդ լռութիւնը: Տագնապով ու սպասումով լի էր այդ լռութիւնը:
Անկողնի մէջ պառկած աղջնակը շնչարգելութենէն շարունակ կը գալարուէր ու ջղայնօրէն վրայէն կը նետէր վերմակը:
Մարութեան մէկդի դրաւ ձեռքի փոքրիկ պայուսակը ու փութով մօտեցաւ հիւանդին:
Աղջիկը դանդաղօրէն բացաւ ուռած կոպերը ու մշուշուած նայուածքը ուղղեց անոր: Բժիշկը զգուշութեամբ զննեց երախային կոկորդը: Աղջիկը ցաւագինօրէն տքաց ու սկսաւ լալ:
-Կը խնդրեմ, բացէ՛ք պատուհանները եւ բոլորդ դուրս գացէք:
Հաւաքուածները լուռ ու գլխահակ դուրս ելան:
Քանի մը վայրկեան ետք լսուեցաւ ականջ ծակող ճիչ մը, եւ հիւանդին հարազատները ներս վազեցին տագնապով:

Գարիկ անհանգիստ կերպով դարձաւ անկողնին մէջ: Նայեցաւ ժամացոյցին: Արդէն ժամը մէկը կ’անցնի, եւ հայրը դեռ չկայ: Մայրը՝ գլուխը յենած ուտելիքներով լի սեղանին՝ կը ննջէ: Աւելի ճիշդ կը սպասէ: Ան այդպէս է..Ան միշտ կը սպասէ հայրիկին վերադարձին:
Ժամ մը առաջ գիւղացիք հոս էին: Եկեր էին բժիշկին շնորհաւորելու նոր տարին, բայց ան չկար: Շնորհաւորեցին, յետոյ… երգեցին, ուրախացան ու գացին…: Իսկ մայրը դեռ կը սպասէ Գարիկի հետ:
Յանկարծ դուրսի աստիճանները ճռնչեցին: Մայրը վեր ցատքեց ու նետուեցաւ դէպի դուռը:
Բժիշկը ներս մտաւ: Վար դրաւ ձեռքի փոքրիկ պայուսակը, հանեց վերարկուն եւ ձեռքերը շփելով մօտեցաւ սեղանին… Քոնեաքը լեցուց բաժակին մէջ: Յետոյ միացուց ձայնասփիւռը ու խորունկ շունչ մը քաշեց:
Գարիկ անհանգիստ կերպով կը նայէր հօրը: Իսկ ձայնասփիւռը կը նուագէր:
-Հայրի՛կ,- դիմեց ան հօրը:
Մարութեան բարձրացուց գլուխը ու ժպտեցաւ, իսկ այդ կը նշանակէր թէ հիւանդը փրկուած է:
Փրկուեցաւ: Մէկն ալ փրկուեցաւ: Նոր տարուան այս առաւօտեան ան պայծառ աչքերով կը նայի, ան կը նայի կեանքին ու մարդոց:
Գարիկ նայելով իր հօրը երջանկութենէն փայլող աչքերուն, հասկցաւ, ընդմիշտ հասկցաւ թէ երջանկութիւնը՝ ուրիշներն ալ երջանկացնելու մէջն է:

Ա. Շահինեան
«Մայրենի Լեզու» Դ. Տարի
1968

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...