Բարի Օրինակ

Ծնունդի նախօրեակին, Սարա մեծ վաճառատուն մը գնաց եւ բաւական շրջելէ ետք, գնեց պզտիկ նուէր մը, ու գունագեղ թուղթով փաթթել տուաւ զայն:

Դրան մօտ պահակը տեսնելով, անոր հարցուց՝ թէ ո՞ւր կը գտնուէր այդ շրջանի աղքատներու թաղամասը: Մարդը զարմացաւ եւ քանի մը անուններ թուեց: Սակայն այս օտարականին համար անծանօթ էին անոնք: Նոյն հարցումը ուղղեց ոստիկանի մը եւ ապա անցորդ տիկնոջ մը, որոնք անորոշ պատասխաններ տուին իրեն: Մանկամարդ աղջիկը անդրադարձաւ որ ըրածը տարօրինակ բան մըն էր:

Քալեց խճողուած ցուրտ փողոցներէ: Չէր գիտեր ո՞ւր պիտի երթար: Կը վախնար կորսուելէ: Յանկարծ տեսաւ Փրկութեան Բանակի պաշտօնեայ մը, որուն զանգակին ձայնին ծանօթ էր իր քաղաքէն: Անմիջապէս, սրտին մէջ գիտցաւ որ այս մարդը կրնար օգնել իրեն: Կտրուկ Անգլերէնով հարցուց անոր. «Պարոն, կրնա՞ք ինծի օգնել, շատ աղքատ երախայ մը կը փնտռեմ, որուն պզտիկ նուէր մը ունիմ Ծնունդի առթիւ:

Արդեօք կրնա՞ք հոն առաջնորդել զիս»: Ակնոցներուն ետեւէն մարդը ժպտեցաւ, եւ ըսաւ որ շատ մը աղքատ ընտանիքներ գիտէր եւ եթէ քիչ մը սպասէր՝ կրնային միասին երթալ հոն: Կարճ ժամանակ մը ետք, երկուքով վարձակառք մը նստեցան: Տաքուկ ինքնաշարժին մէջ Սարա պատմեց, թէ ինք Զուիցերեայէն եկած էր եւ թէ ինչ նպատակ կը հետապնդէր: Ազնիւ մարդը եւ վարորդը ուշադրութեամբ մտիկ ըրին:

Երբ հասան իրենց փնտռած տեղը, Սարա գիտցաւ որ շատ աղքատ թաղամաս մըն էր այդ: Ան տուաւ իր ձեռքի ծրարը Փրկութեան Բանակի պաշտօնեային, որ ի՛նք յանձնէր նուէրը այդ չքաւոր ընտանիքին պզտիկ աղջնակին, «Քանի որ», ըսաւ, «ինծի շնորհակալութիւն պիտի յայտնեն: Խնդրեմ դուք տուէք այս նուէրը եւ ըսէք որ մէկէ մըն է որ ամէն բան ունի»:

Վարձակառքը անցաւ մութ փողոցներէն դէպի լուսաւորները, եւ երբ հասաւ Հինգերորդ Պողոտան Սարա դրամապնակը բացաւ: «Վճարելու պէտք չունիք», ըսաւ զգացուած վարորդը, «ես արդէն վարձատրուած կը զգամ» ու ժպիտը դէմքին քշեց ու գնաց:

Ծնունդի առաւօտ, Սարա կանուխ արթնցաւ եւ նախաճաշի սեղանը պատրաստեց: Քիչ ետք, երբ Բիլ ընտանիքը արթնցաւ, ուրախութեան եւ խնդուքի ձայները լեցուցին հիւրասենեակը, մինչ ամէն մարդ կը բանար իր գունաւոր թուղթերով փաթթուած նուէրները:

Սարա շնորհակալութիւն յայտնեց իր ստացած նուէրներուն համար, եւ երբ պահ մը լռութիւն տիրեց, ան վարանումով բացատրեց, թէ ինչո՛ւ իր կողմէն նուէր չկար իրենց: Ան պատմեց իր նախորդ երեկոյեան արկածախնդրութիւնը, եւ թէ ինչպէս գնաց քաղաքի շատ աղքատ թաղամասերէն մէկուն, եւ իր գնած պզտիկ հագուստը՝ նուէր տուաւ Բիլ ընտանիքին կողմէ այդ չքաւոր աղջնակին: «Ես փորձեցի ազնիւ արարք մը ընել ձեր անունով, եւ այդ՝ իմ Ծնունդի նուէրս է ձեզի»: Ամէն մարդ լուռ էր եւ շատ զգացուած:

Այս Զուիցերեացի օրիորդը Ամերիկայի ճոխութիւնը եւ զեխութիւնը տեսնելով չէր տարուած՛ այլ նախընտրած էր սրտաբուխ նուէր մը ընել՝ չքաւոր երախայ մը ուրախացնելու, եւ այս ազնիւ արարքով Ծնունդի իսկական իմաստին թափանցած եղաւ, իսկ մեզի՝ բարի օրինակ մը:

«Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, որովհետեւ այս իմ եղբայրներէս ամէնէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք» Մատթ.25.40

Աղբիւր-Օրհնաբեր Նռնենին

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...