Աւելի Լաւ է Տալը, Քան Վերցնելը

Սովորաբար, Սուրբ Ծննդեան տօներուն մեր ծնողները մեզի «երես կու տային»:

Անցեալ տարիներուն նուէրները այնքան շատ կ’ըլլային, որ կը դրուէին կոյտերով եւ շատութեան պատճառով կը գրաւէին ամբողջ հիւրասենեակը:

Ես լսած էի այս արտայայտութիւնը. «Աւելի լաւ է տալը, քան վերցնելը», բայց մտածած էի, որ ով որ ալ ըսած ըլլար,

պէտք է որ խելքը թռցուցած մարդ ըլլար: Չէ՞ որ ամբողջ իմաստը նուէրներ ստանալն էր: Այդ էր պատճառը, որ Սուրբ Ծննդեան գիշերը ես չէի կրնար քնանալ:

Սուրբ Ծննդեան գիշերը մենք անհամբեր կը սպասէինք միջանցքին մէջ, մինչ հայրս կ’ըսէր, որ ամէն բան պատրաստ է:

Եւ այդ տարի ալ, երբ հայրս ըսաւ այդ արտայայտութիւնը, մենք վազեցինք հիւրասենեակ եւ սկսանք քանդել նուէրները:

Պահ մը փորձեցինք սպասել՝ նայելով, թէ ինչպէս  ընտանիքի միւս անդամները կը բանային իրենց նուէրները, բայց երթալով կը կորսնցնէինք մեր համբերութիւնը:

«Ահա եւս մէկը քեզի համար»,- ըսաւ մայրս եւ ինծի տուաւ փաթեթը: Երբ ես նայեցայ անոր, շփոթեցայ:

Քանի որ շատ ժամանակ անցուցած էի զննելու նուէրները մինչ Սուրբ Ծնունդը, ես յիշեցի այն:

Բայց անիկա իմս չէր: Անիկա մայրիկինն էր: Նոր պիտակ փակցուած էր անոր վրայ՝ իմ անունովս, որ գրուած էր մայրիկիս ձեռագրով:

– Մայրի՜կ, ես չեմ կրնար…

Սակայն մօրս եռանդն ու ուրախ հայեացքը կանգնեցուցին զիս. հայեացք, որ իրականութեան մէջ չէի կրնար հասկնալ.

– Եկուր տեսնենք, թէ ինչ է ասիկա, քա՜ղցրս: Արագ բաց:

Անիկա վարսայարդարիչ էր: Գուցէ անիկա փոքր նուէր թուէր, բայց ինծի համար անիկա շատ աւելին էր:

Ըլլալով տասնմէկ տարեկան աղջիկ՝ ես ապշած էի: Աշխարհիս մէջ, ուր տարիներ շարունակ ստանալը կը գերակշռէր տալուն,

մօրս այս անձնուէր քայլը աներեւակայելի էր: Անիկա ապշեցուցիչ էր: Արցունքներս կը հոսէին աչքերէս, եւ չէի հաւատար,

որ մայրս այնքան շատ կը սիրէր զիս, որ պատրաստ էր զոհաբերել իր Սուրբ Ծնունդը յանուն անոր, որ ես մէկ նուէր աւելի ունենամ:

Ես միշտ ջերմօրէն կը յիշեմ այդ Սուրբ Ծնունդը: Այն մեծ հետք ձգեց կեանքիս մէջ: Երբ արդէն հասուն կին եմ եւ ունիմ երեխաներ,

զորս շատ կը սիրեմ, հիմա կը հասկնամ մօրս ըրածները: Հիմա կը հասկնամ, որ իրականութեան մէջ ան «չզոհաբերեց իր Սուրբ Ծնունդը»,

ինչպէս ես կը մտածէի այն ժամանակ, այլ գտաւ՝ անգամ աւելի մեծ ուրախութիւն, քանի որ տալը, իսկապէս, աւելի լաւ է, քան վերցնելը:

Մայրիկիս այս հասարակ արարքը ինծի համար աշխարհ արժեց:

Ճէնիֆեր Եարդլի Բարնի
Թարգմանեց Լիլիթ Յարութիւնեանը
Աղբիւրը՝ «Սերմնացան» ամսագիր

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...