Անգամ մը թագաւորը որոշեց իր տէրութեան հեռաւոր շրջանները այցելել, հոն ուր նախապէս չէր գացած:
Երբ սարսափելի յոգնած վերադարձաւ երկարատեւ ու դժուար ճամբորդութենէն, անոր ոտքերը այնքան կը ցաւէին, որ քալել նոյնիսկ չէր կրնար:
Ատիկա առաջին անգամն էր, որ ան այդքան երկար քալած էր քարքարոտ ճամբաներով:
Բայց քանի որ երկրի ղեկավարն էր՝ պէտք չէ տառապեր միւսներուն պէս, ուստի մտածեց. «Պէտք է հրամայեմ, որ բոլոր քարքարոտ ճամբաները կովի կաշիով պատեն: Մշակելէ ետք այդ կաշին այնքան փափուկ եւ հաճելի կը դառնայ: Եւ յաջորդ ուղեւորութիւնս աւելի հաճելի կ՝ըլլայ եւ ոտքերս ալ չեն ցաւիր»:
Արքան հաւաքեց իր խորհրդականները եւ յայտնեց իր որոշումին մասին: Սրահին մէջ լռութիւն տիրեց, իւրաքանչիւրը մտքին մէջ կը հաշուէր, թէ ինչ հսկայական ծախսերու պիտի նայի ատիկա արքունական գանձարանին, քանի որ հազարաւոր կովերու կաշի անհրաժեշտ պիտի ըլլայ:
Վերջապէս անոնցմէ ամենահամարձակը ըսաւ. «Արքա՛յ, ինչո՞ւ այդքան հսկայական գումար ծախսել, եթէ կարելի է այդ կաշիէն ծածկոց կարել ոտքերու համար, այլ ո՛չ թէ ճամբաներու»:
Արքան շատ զարմացաւ այդ համարձակ առաջարկէն, բայց քիչ մը մտածելով` ընդունեց իր խորհրդականի իրաւացիութիւնը, եւ շուտով զոյգ մը հրաշալի երկարաճիտ կօշիկ կարեցին արքային համար:
Կեանքը աւելի երջանիկ դարձնելու համար աւելի լաւ է սկսիլ դուն քեզի եւ սիրտդ փոխելով, այլ ո՛չ թէ շրջապատող աշխարհը:
Ռուսերէնէն թարգմանութիւնը` Էմիլիա Ապիցարեանի
Արեւմտահայերէնի վերածեց ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը
