Իրարու հետ խօսելու ընթացքին պէտք է նկատի առնէք որոշ բաներ, որպէսզի մարդիկ սխալ կարծիք չկազմեն ձեր մասին
-Ընկերոջդ կամ ոեւէ հետ պէտք է խօսիս յարգանքով, երբեք չըսես՝ «քեզի հետ խօսիլը անիմաստ է», «չես հասկնար» եւ նման այլ խօսքեր։
-Յիշէ, որ դիմացինդ ալ ըսելիք ունի։ Անոր խօսելու առիթ տուր։
– Եթէ զգաս, որ դիմացինդ ժամանակ չունի կամ խօսածդ զինք չի հետաքրքրեր ըսելիքդ արագ վերջացուր։
-Մի քննադատեր այս կամ այն մարդու հագնելու ոճը։
-Յիշէ որ շատախօսութիւնը լաւ բան չէ։
-Մի օգտագործեր այնպիսի բառեր, որոնց իմաստը չես գիտեր։
-Խըսելու ընթացքին ձեռքերդ հանգիստ պահէ, մի շարժեր։
