Աշակերտի եւ Ծնողի Հետ Հաղորդակցելու Գաղտնիքներ

Ուսուցիչը կ’ապրի այնքան ժամանակ, քանի դեռ կը սորվի.
Երբ ան կը դադրի սորվիլ, անոր մէջ կը մահանայ ուսուցիչը:
Կ. Դ. Ուշինսկի

Որեւէ իրավիճակի մէջ կայ երեխաներու հետ խօսելու ձեւ:

Անհրաժեշտ է նախ հասկնալ երեխան յուզող հարցը,

բացատրել  եւ խօսիլ հաւասարը հաւասարի հետ,

ձեռք բերել անոր վստահութիւնը,

առանց վիրաւորելու  ցոյց տալ անոր թերութիւնները, սխալները, քանի որ իւրաքանչիւր մարդ սխալելու իրաւունք ունի:

Մեր այս մօտեցումները կ’օգնեն, որ երեխան ուղղուի եւ վերլուծէ իր արարքները:

Շատ յաճախ մանկավարժի կամ ծնողի սխալ խօսիլն ու վարուելակերպը կը ստեղծեն բախումնային իրավիճակ, որ աւելի կը բարդացնէ ծնող – երեխայ – մանկավարժ – դպրոց համագործակցութիւնը:

Եկէք տեսնենք, թէ ինչպէս պէտք է համագործակցինք իրարու հետ, որպէսզի հասնինք դրական  արդիւնքներու:

Այս հարցին մեզի օգնութեան կը հասնին ծնողական այն ժողովները, որոնք ճիշտ կը կազմակերպուին:

Ին՞չ է պէտք ընել.

-Որոշեցէք ամենակարեւոր խնդիրը, որ կը վերաբերի ձեր դասարանի աշակերտներուն, եւ անոր քննարկման հիման վրայ ձեւաւորեցէք ձեր զրոյցը ծնողներուն հետ:

-Յատուկ ուշադրութիւն դարձուցէք լսարանի մէջ ծնողներու աթոռներու դասաւորութեան: Օրինակ, կարելի է սեղանները եւ աթոռները դասաւորել շրջանաձեւ, որպէսզի բոլոր ծնողները լաւ տեսնեն եւ լսեն իրար:

-Ծնողներու հետ միասին մտածել ժողովի մասնակիցներու համար կանոններ:

Օրինակ. պարտադիր է վերարկուները հանել,

խնդրի քննարկման ժամանակ պէտք չէ անտարբեր մնալ,

մերժելով առաջարկը (կարծիքը) ՝ պէտք է առաջադրուի միւսը,

դիմել իրարու անուն-մականունով կամ միայն անունով եւ այլն:

-Խնայեցէք ժողովին հրաւիրուած մարդոց ժամանակը: Այդ նպատակով սահմանեցէք կանոնակարգ եւ խստօրէն հետեւեցէք անոր:

-Ժողովի ընթացքին կիրառեցէք խաղեր եւ ծնողներու համագործակցութեամբ՝ կազմակերպման խմբային ձեւեր:

-Խնդրայարոյց հարցերու քննարկման ժամանակ յենուեցէք առաւել կենսափորձ ունեցող ծնողներու կեանքի եւ մանկավարժական փորձի, ծնողական կոմիտէի անդամներու եւ դպրոցի խորհուրդի կարծիքներու վրայ:

Դաստիարակի վարքագիծի կանոնները ծնողական ժողովին

Աշխատեցէք լարուած չըլլալ ծնողներուն հանդիպելէն առաջ:

Խօսքի, խօսելաոճի, ժեստերու եւ այլ միջոցներով ցոյց տուէք ծնողներուն ձեր յարգանքը եւ ուշադրութիւնը անոնց նկատմամբ:

Փորձեցէք հասկնալ ծնողները, ճիշտ որոշել խնդիրները, որոնք առաւել կ’անհանգստացնեն զիրենք:

Ծնողներուն հետ խօսեցէք հանգիստ եւ բարեհամբոյր: Կարեւոր է, որ բոլոր աշակերտներու ծնողները ժողովէն երթան հաւատալով իրենց երեխաներուն:

Ծնողական ժողովի ընթացքին ձեր համատեղ աշխատանքի արդիւնքը պէտք է ըլլայ այն, որ ծնողները դառնան աւելի վստահ, որ իրենց երեխաներու դաստիարակութեան հարցով կրնան յենիլ ձեր եւ դպրոցի միւս ուսուցիչներու աջակցութեան եւ օգնութեան վրայ:

Եւ վերջապէս, ուսուցիչի վարպետութեան երաշխիքն են  աշակերտներու հետ փոխազդեցութեան կազմակերպման ձեւերը, վերլուծելու կարողութիւնը, համոզումներու արտայայտումը, առանց վիրաւորելու աշակերտի տեսակէտը, աշակերտու ներշնչման կարողութիւնը:

Ուսուցիչի մօտեցումներէն շատ բան կախուած է: Ուսուցիչն է որ կրնայ ճիշտ ղեկավարելով աշակերտներն ու ծնողները, անոնց մէջ ձեւաւորել  բարձր արժէքներ եւ զարգացնել հետաքրքրութիւնը ուսման նկատմամբ:

Վստահաբար դուք շատ լաւ կը կողմնորոշուիք եւ կը հասկնաք ձեր աշակերտներուն եւ ծնողներուն կարիքներն ու խնդիրները, եթէ կը սիրէք ձեր աշխատանքը:

Մելանիա Գեղամեան

«Հայ կրթութիւն» կրթական հիմնադրամի Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեանների անուան դպրոց եւ համայնքային կեդրոնի տնօրէն, մանկավարժական գիտութիւններու թեկնածու

Յօդուածը (որոշ կրճատումներով) արեւմտահայերէնի վերածեց ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ը

Յօդուածը ամբողջութեամբ կարդալ այստեղ

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...