Կարէն Տէմիրճեանի անուան Երեւանի Մետրոպոլիտի կառուցումը սկսած է 1972 թուականին, գործարկուած՝ 1981 թուականին:
Մետրոն, որ նախատեսուած է ուղեւորահոսքերու տեղափոխութեան համար, անկասկած կը
համարուի մշակութային արժէք:
Ընդունուած է մետրոներ կառուցել այն քաղաքներուն մէջ, ուր բնակչութիւնը մէկ միլիոնէ աւելի է:
Այդ չափանիշով Երեւանի մէջ ընդհանրապէս մետրօ չէր կառուցուեր,քանի որ այդ ժամանակ
բնակչութեան թիւը կը կազմէր 800.000 : Այստեղ անհրաժեշտ էին բոլորովին այլ մօտեցումներ,
հիմնաւորումներ եւ փաստարկներ: Եւ այդ փաստարկները գտնուեցան․ մայրաքաղաքի փողոցներու ծանրաբեռնուածութիւնը փոխադրամիջոցներով, խցանումները, քաղաքի ընդլայնման հեռանկարները
եւ այլն:
Մետրոյի շինարարութիւնը սկսած էր ստորգետնեայ արագընթաց դրամուայի համար, կը կառուցուէին փապուղիներ, տեղադրուած էին գիծերը, սակայն ելքեր չկային։
Երբ պատրաստ էին կայարանները սակայն ելքեր չկային, եւ Կարէն Տէմիրճեան կը փորձէր ստանալ
մետրոյի ելքերու կառուցման թոյլտուութիւն, այն ատեն Մոսկուայէն անոր պատասխանեցին.
-Արդեօք Դուք չէիք ուզեր կառուցել ստորգետնեայ դրամուայ, այդ պարագային ինչո՞ւ համար են ելքերը:
Շուտով Կարէն Տէմիրճեան կը յաջողի ձեռք բերել Մետրօ կառուցելու թոյլտուութիւն, այն ժամանակ երբ
ԽՍՀՄ 16 խոշոր քաղաքներ մետրօ չունէին:
Մետրոն այսօր ալ Երեւանի ամենայարմարաւէտ ու արագընթաց փոխադրամիջոցներէն մէկն է, կը
բեռնաթափէ քաղաքի խճողումը:
Ունի 10 կայարան` Բարեկամութիւն, Մարշալ Բաղրամեան, Երիտասարդական, Հանրապետութեան
հրապարակ, Զորավար Անդրանիկ, Սասունցի Դաւիթ, Գործարանային, Շէնգաւիթ, Գարեգին Նժդեհի
հրապարակ, Չարբախ:
Նիւթը Հայկաշխարհի համար պատրաստեց՝
Նարէ Մուրատեան