Արաբերէն տառերը համակարգչի վրայ ստեղծողը՝ եւրոպական ընկերութեան մը հայ աշխատակից Զաւէն Մանճիկեանն է։
Ան ծնած է Դամասկոս, 1938 թուականին: Սուրիահայ երիտասարդը 12-րդ դասարանը աւարտելէն առաջ կը մեկնի Լիբանան՝ յաճախելով տեղի ամերիկեան համալսարանը, նախ կ’աւարտէ ճարտարագիտութեան ելեկտրականութեան, ապա ելեկտրոնական բաժինը, ուսումը աւարտելէն ետք կ’աշխատի IBM ընկերութենէն ներս եւ կարճ ժամանակ ետք կը ստեղծէ համակարգչի արաբերէն տառերը։ Այս գիւտը գրանցուած է Լիբանանի եւ Զուիցերիոյ մէջ, բայց ընկերութեան անունով եւ ոչ գիւտարարի։
Կարճ ժամանակ ետք Զաւէն Մանճիկեանը կը հեռանայ IBM ընկերութենէն եւ Ֆրանսայիի մէջ կը հիմնէ իր սեփական կազմակերպութիւնը եւ գիւտարարը կ’ըլլայ համակարգչային այլ գիտերու։