Քիթի արիւնահոսութիւնը սովորական երեւոյթ է եւ պէտք չէ վախնալ այդ սովորական երեւոյթէն։
Արիւնահոսութեան առաջքը առնելու համար պէտք է տան ջերմաստիճանը պահել առաւելագոյնը 20-21°C, իսկ խոնաւութիւնը՝ 40°:
Ի՞նչ պէտք է ընել քիթը արիւնելու ժամանակ.
– Նախ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել մարմնի դիրքին: Պէտք է նստիլ կիսանստած դիրքով, գլուխը քիչ մը առջեւ բերելով, որպէսզի արիւնը կոկորդին չհասնի:
– Երկու մատներով դուրսէն ճնշել քիթին վրայ մօտաւորապէս 15 վայրկեան. երբ արիւնահոսումը շարունակուի սեղմել 10-15 վայրկեան եւս:
– Չվախնալ ու նստիլ հանգիստ, որովհետեւ վախնալու պարագային արիւնահոսութիւնը կրնայ զօրանալ:
– Երբեք չխնջել կամ չշփել քիթը:
– Սառոյց դնել գլխու ետեւի մասին եւ քիթին:
– Արիւնահոսութենէն ետք որոշ ժամանակ պէտք չէ պառկիլ, որպէսզի արիւնահոսութիւնը չկրկնուի:
– Յաճախակի պէտք է մաքուր օդ շնչել, ընդունիլ կենսանիւթերով հարուստ սնունդ եւ շատ հեղուկներ:
– Պէտք է Խուսափիլ նաեւ արեւի ճառագայթներու անմիջական ազդեցութենէն:
Պէտք է դիմել Բժիշկի
1- Եթէ արիւնահոսութիւնը 30 վայրկեանէն չդադրի:
2- Եթէ արիւնահոսութիւնը կրկնուի շաբաթը 2-3 անգամ: