Ձեզմէ շատեր հաւանաբար կը դժուարանան շարադրութիւն կամ որեւէ նիւթի մասին գրել, սակայն այդ մէկը այնքան ալ դժուար չէ,
այս ցուցումներուն հետեւելով՝ դուք եւս գրելու դժուարութիւն չէք ունենար.
-Գրածդ պէտք է ունենայ նախաբան, հիմնական մաս եւ վերջաբան
Նախաբանի մէջ մի քանի տողով նկարագրէ թէ ինչի մասին պիտի գրես։
Հիմնական մասի մէջ մանրամասնէ նիւթը։
Վերջաբանին մէջ եզրակացուր ըսելիքդ
-Ուշադիր եղիր բայերը պէտք է նոյն ժամանակաձեւը ունենան (եթէ ներկայ ժամանակով սկսած ես այնպէս ալ պէտք է շարունակես)
-Խուսափիր նոյն բառերը կրկնելէն. գործածէ նոր ու գեղեցիկ բառեր
-Աւելորդ բառեր մի գործածեր (եթէ գործածածդ բառը նախադասութեան իմաստի վրայ բան չ’աւելցներ`
առանց անոր ալ նախադասութիւնը նոյն իմաստը կու տայ, ուրեմն ան աւելորդ է
-Գրէ անկեղծ ու սիրով
Եթէ գրես այս ցուցումներոուն հետեւելով, վստահաբար գրածդ մեծ գնահատանքի պիտի արժանանայ։