ԼԷՈՆԱՐՏՕ ՏԱ ՎԻՆՉԻի Կեանքն Ու Հայկական Հետքը

Երկրորդ հազարամեակի հանճարագոյն գործիչը` նկարիչ, քանդակագործ, գրող, գիւտարար,

մաթեմաթիքոս Լէոնարտօ Տի սէր Բիերօ Տա Վինչին ծնած է 1452 թուականի Ապրիլ 15-ին, Իտալիոյ

Ֆլորենսիայի մօտակայքը գտնուող Անկավինօ փոքրիկ գիւղին մէջ: Անուն-մականունը կը թարգմանուի

իբրեւ Լէոնարտօ` պարոն Փիերոյի որդի:

Շատերուն համար Լէոնարտոն յայտնի է իր գլուխգործոցներով. «Մոնա Լիզա» եւ «Խորհրդաւոր ընթրիքը» նկարներով, որոնք Վերածնունդի դարաշրջանի խոշորագոյն գործերէն են։

Բայց ան յայտնի է նաեւ գիւտարարութեամբ: 16-րդ դարուն Լէոնարտոն նախագծեց ժամանակակից

հրասայլի նախատիպը, թռչող սարքեր, Պոսֆորի նեղուցի վրայի կամուրջը, ջրային կոստիւմը…

Ան անձամբ նաեւ կը նուագէր եւ ժամանակին Միլանի մէջ յաղթած է վին նուագողներու մրցոյթին, ինչն

էլ որոշ ուսումնասիրողներու համար առիթ հանդիսացած է, որ Լէոնարտոյի մէջ հայկական արմատներ

որոնեն, անոր տա Վինչի մականունը կապած են վին գործիքի հետ` վին նուագող:

Անձամբ Լէոնարտոն ինքզինք գիտութեան եւ գիտարուեստի մարդ կը համարէր եւ չէր գնահատեր իր

արուեստը:

Հարիւրամեակներ անց, 22 հատորներով հրատարակուեցան Լէոնարտոյի գիւտերն ու անոր նախագիծերը,

բայց, այնուամենայնիւ, Լէոնարտօ Տա Վինչին մարդկութեան համար մնաց իբրեւ Վերածնունդի

խորհրդանիշը համարուող նկարիչ եւ ո՛չ գիւտարար:

Ան եղած է ապօրինածին զաւակ: Լէոնարտոյի հայրը կը սիրահարուի անյայտ ծագումով գեղեցկուհի

գեղջկուհի Կատէրինային, անոնց սիրոյ պտուղը կ’ըլլայ Լէոնարտոն: Հայրը կ’ընդունի իր զաւակը եւ

յետագային իր որդին կ’ապրի իր հետ, հակառակ անոր, որ միւս ամուսնութիւններէն ունէր եւս 10 տղայ

եւ 1 աղջիկ:

Լէոնարտոյի մանկութեան եւ պատանեկութեան մասին քիչ բան է յայտնի… իր ձեռագրերուն մէջ ան որեւէ ակնարկ չէ ըրած այդ մասին:

Դեռ փոքր տարիքէն Լէոնարտոյի մօտ ի յայտ կու գան արտակարգ ընդունակութիւններ: Ան ամբողջ օրը

կամ ածուխով կը նկարէր պատերուն, կամ գիրք կը կարդար, կամ բան մը կը սարքէր:

Հայրը նկատելով որդու հակումները` զինք ուսման կ’ուղարկէ Ֆլորենսիայի եւ Դոսգանայի մէջ մեծ հռչակ

ունեցող քանդակագործ Անտրէա Տէ Վեռոկքիոյի մօտ: Լէոնարտոն անոր մօտ կը հետեւի

քանդակագործութեան, սակայն շուտով կը ձգէ քանդակն ու կ’անցնի նկարչութեան:

Ուսման տարիներուն Լէոնարտոն բաւական գործուն կեանք վարելով, հասցուց գործնականօրէն լաւ ուսումնասիրել մարդու մարմինը, կնոջ նրբագեղութիւնը…
Ուսումնառութեան աւարտին՝ Լէոնարտոն շրջեցաւ ամբողջ Իտալիան, գնաց Հռոմ, Վենետիկ, Միլան…

որոշ ժամանակ հաստատուեցաւ Միլան` իբրեւ ճարտարապետ աշխատելով դուքս Լիւտովիկ Մորոյի մօտ,

ուր անոր համար զանազան մեքենաներ ու սարքաւորումներ կը նախագծէր:

Ֆլորենսիան փառք բերաւ Լէոնարտոյին: Ան այստեղ կ’աշխատէր, կը նկարէր` կատարելով Մետիչիներու

տոհմի ահեղ տիրակալներու պատուէրները:

1503 թուականը ամենաբեղմնաւորն էր Լէոնարտոյի համար: Ան այդ տարի ստեղծեց իր գլուխգործոցը` «Ճոգոնտա»-ն: Կտաւի վրայ Լէոնարտոն բաւական երկար աշխատեցաւ: Իբրեւ բնորդ ընտրեց ֆլորենսացի վաճառականի մը կինը` Մոնա Լիզան: Գործը աւարտին հասաւ դժուար, երկարատեւ ու տքնաջան

աշխատանքէն ետք,  Լէոնարտոն հրաժարեցաւ «Ճոգոնտան» տալ պատուիրատուին եւ անիկա դարձաւ

անոր անբաժան ուղեկիցը:

Ան իր հետ կտաւը Ֆրանսա տարաւ` երբ Ֆրանսուա Ա թագաւորի հրաւէրով հաստատուեցաւ Փարիզ,

այստեղ ապրելով մինչեւ կեանքին վերջը, նկարը կախեց իր ննջարանի պատէն` միշտ իր աչքին առջեւ: Յետագային Լէոնարտոյի գլուխգործոցը դարձաւ Նափոլէոնի սեփականութիւնը, իսկ այժմ կը զարդարէ

Լուվրի թանգարանը:

Լէոնարտոյի կեանքը լի էր տարօրինակութիւններով. մասնաւորապէս, օրուան ընթացքին ան կը քնանար ընդամէնը 90 վայրկեան` իւրաքանչիւր չորս ժամը մէկ` տասնհինգ վայրկեան: Ան նաեւ առեղծուածային

կերպար էր. իր կեանքի շատ մանրամասնութիւններ թաքուն կը պահէր, հակառակ անոր, որ պահպանուած

են եօթը հազար էջէ աւելի ծաւալով անոր արձանագրութիւնները: Շատերու կարծիքով ան մասնակից էր մասոնական օթեակին: Ոմանք անոր նկարներուն մէջ գաղտնի խորհրդանիշեր կը տեսնեն, ոմանք`

հայկական տառեր։ Ան գրած է աջէն ձախ, եւ այնպէս, որ անոր ձեռագիրը կարդալու համար անհրաժեշտ

էր հայելի օգտագործել:

Ոմանք Լէոնարտոն կը մեղադրեն Աստուածամերժութեան մէջ: Յատկապէս հիմք ընդունելով վարկած,

համաձայն որուն Յիսուս երեխայ ունեցած է Մարիամ Մագթաղինացիէն: Եւ Լէոնարտոն «Խորհրդաւոր

ընթրիքը» կտաւի մէջ Պետրոսի կողքին Յովհաննէս առաքեալի փոխարէն պատկերած  է Մարիամը:

Լէոնարտոն մեծ աւանդ ունի նաեւ գիտութեան բնագաւառէն ներս: Ան առաջինն է, որ բուսաբանութիւնը դիտարկած է իբրեւ առանձին գիտութիւն:

Հայկական Ծագումը

Ուսումնասիրողներէն ոմանք Լէոնարտոն ծագումով հայ կը համարեն: Առաջինը այդ մասին վկայողները

հայ ուսումնասիրողները չեն գրած: 2002-ին ռուս լրագրող եւ ուսումնասիրող Իկոր Օռլովը հանդէս եկաւ

ցնցող յայտարարութեամբ, որ Լէոնարտօ տա Վինչին գրած է հայերէն եւ անոր ծածկագրերու գաղտնիքը մեսրոպեան այբուբենի մէջ է: Թէ իսկապէս որքանով ապացուցուած է անոր հայկական ծագումը, դեռ

շատերու համար վիճելի հարց է, սակայն հայկական հետք անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ,

այնուամենայնիւ՝ կայ:

1481-1482 թուականներուն ան այցելած է Կիլիկիա եւ Հայաստան: Պահպանուած է Բագարանի եկեղեցւոյ,

անոր ձեռքով կատարուած գծանկարը, որուն հիմքով ալ, նոյն յատակագիծով ան կառուցեց Միլանի տաճարը: Ընդհանրապէս, Եւրոպայի մէջ կեդրոնագմբէթ եկեղեցիներ սկսան կառուցել նոյն այդ ժամանակներէն: Եւ

տեղին է հաւանութիւն տալու այն վարկածին, որ նոյն Լէոնարտոով կեդրոնագմբէթ եկեղեցիներու Անիական

ոճը Հայաստանէն ներմուծուեցաւ Եւրոպա:

Ան նաեւ համոզեց անուանի ճարտարապետ Բրամանտէն` Հռոմի Սուրբ Պետրոս տաճարը նախագծել եւ

կառուցել Բագարանի տաճարին օրինակով:

Լէոնարտոյի Հայաստան այցելելու մասին ակնարկներ կան անոր նամակներուն մէջ, ուր պահպանուած է

նոյնիսկ Հայաստանի մէկ մասին վերաբերեալ քարտէզը: Իր նամակին մէջ Լէոնարտոն նաեւ կը պատմէ մանրամասներ երկրաշարժի մը եւ ջրհեղեղի մը մասին, հաւանաբար նկատի ունենալով 1482 թուականի Երզնկայի երկրաշարժը:

Լէոնարտոն նաեւ ճամբորդական նօթեր գրած է` Հայաստանի մէջ անցուցած ժամանակահատուածի

վերաբերեալ: Այդ փաստաթուղթը կը պահպանուի Միլանի «Ամպրոզանիա» գրադարանին մէջ եւ կը կոչուի «Հայկական նամակ»: Անոր մէջ արտացոլուած են Լէոնարտոյի նկարագրութիւնը Հայաստանի մասին, տեղեկութիւններ կան Եփրատ գետի, Տաւրոսի լեռնաշղթայի մասին: Նկարագրած է նաեւ մէկ դիպուած`

օտար նուաճողի կողմէն հայութեան հանդէպ կիրառուած բռնարարքներու, կոտորածներու:

Ան նաեւ իր կտաւներու մէջ օգտագործած է Տեռռա Արմէնիա գոյնը` մութ շականակագոյն, որ կը

պատրաստուի հայկական հողէն: Մինչ այդ Եւրոպայի մէջ այդ գոյնը ոեւէ մէկը չէ օգտագործած:

Լէոնարտոյէն ետք այդ գոյնը օգտագործեց անուանի հայ նկարիչ Պոկտան Սալթանովը միայն:

Լէոնարտոն դեռ Ֆլորենսիայի մէջ անպայման առնչուած է հայերու հետ: Նախ, դեռ ոչ վաղ անցեալին

կործանուած Կիլիկիայի հայկական թագաւորութեան եւ իտալական քաղաքներու միջեւ սերտ առեւտրային

եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ եղած են, բացի այդ, միջնադարուն հայերը Իտալիոյ մէջ կառուցած

են 34 եկեղեցիներ եւ տուած 11 սուրբեր:

Արակոնի Քարտինալ Անթոնիօ տէ Պէատիսի գրառումին համաձայն` Լէոնարտոն ազատ կը գրէր ինչ որ

հնագոյն, իրեն համար անհասկնալի լեզուով:
Լէոնարտօ տա Վինչին մահացաւ 1519 թուականի Մայիս 2-ին: Ան գիտէր իր մահուան մասին…  Երկու օր

առաջ տուն հրաւիրած է քահանան եւ հաղորդութիւն ստացած:

Հանճարի կտակին համաձայն՝ Լէոնարտոյի թաղման մասնակցեցան 60 մուրացկաններ: Աճիւնը

ամփոփուեցաւ Ամբուազ ամրոցին մէջ (Ֆրանսա):

Աղբիւր՝ «Անկախ» շաբաթաթերթ 2012 թ. Ապրիլ 17

 

 

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...