Համացանցի օգնութեամբ կը գտնենք մեզ հետաքրքրող նիւթեր, կրնանք հաղորդակցիլ տարբեր մարդոց հետ, արտայայտել մեր կարծիքը: Մարդոց հետ շփումն ու կարծիք արտայայտելը կ’ենթադրէ պահպանել քաղաքավարութեան եւ ապահովութեան որոշ կանոններ:
- Անհրաժեշտ է յարգել ուրիշի կարծիքը, որովհետեւ ամէն մարդ ունի ազատ արտայայտուելու իրաւունք:
- Եթէ նոյնիսկ դիմացինդ անքաղաքավար է դուն աշխատիր մնալ քաղաքավար։
- Անծանօթ մարդու էջին մեկնաբանութիւններ գրելու ժամանակ, զգոյշ եղէք, քանի որ չէք գիտեր անոնց տարիքը, դիրքն ու խառնուածքը:
- Ձեր գաղտնաբառը մի վստահիք ուրիշներուն:
- Նոյն գաղտնաբառը մի՛ օգտագործէք բոլոր կայքերու եւ հաշիւներու համար:
- Մի բանաք ելեկտրոնային նամակը կամ ֆայլը, զոր ստացած էք անծանօթ մէկէն: