Հովանոցը առաջին անգամ տեսնուած է 4000 տարի առաջ, Միջագետքի ապա Եգիպտոսի մէջ,
անիկա կը գործածուէր արեւէն պաշտպանուելու համար։
Բայց առաջին անգամ չինացիները զայն գործածած են անձրեւէն պաշտպանուելու համար։
Նախնական հովանոցը կը շինուէր ծառերու լայնածաւալ տերեւներէն, յետոյ պապիրուս կոչուած
բոյսերու տերեւներէն, իսկ կմախքը կազմուած էր փղոսկորէ կամ հաստատուն փայտերէ։
Չինացիները յետագային պապիրուսը ծեփած են խեժով որպէսզի անձրեւի ջուրը չներծծէ։
Անգլիոյ մէջ 1852-ին, Սամուէլ Ֆոքս անունով վաճառական մը առաջին անգամ հրապարակ հանեց
պողպատէ թելերով շինուած հաստատուն հովանոցներ։
Աշխարհի ամենասուղ հովանոցը շինուած է Իտալիոյ մէջ կոկորդիլոսի կաշիով։
Չինաստանի մէջ կը գտնուին աշխարհի ամենամեծ հովանոցները, որոնց շնորհիւ կը պաշտպանուին ինքնաշարժներն ու անցորդները։
Ասիական երկիրներուն մէջ մեծ քանակութեամբ կարտադրուին թուղթէ եւ մետաքսէ հովանոցներ,
որոնց կմախքը կազմուած է օամպու բոյսէն։
Նիւթը Հայկաշխարհի համար պատրաստեց՝
Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան