Այս տեսանիւթը Drift-ի մասին է։ Իսկ ի՞նչ է Drift-ը նոյն ինքը կողասահքն է։
Հաւանաբար կը մտածէք, որ այս մարզաձեւը ունի եւրոպական կամ ամերիկեան ծագում։ Այդպէս չէ, Drift-ի ծննդավայրը Ճաբոնն է։ Ան ի յայտ եկած է 1970-ականներուն եւ ունի շատ հետաքրքրական պատմութիւն։
Երբ Ճաբոնցի հրանիւավար Գունիմիդսու Դագահաշին կ’ուզէ դառնալ մեքենաներու մրցարշաւորդ ան հրանիւի վրայ կատարած հնարքները կը կատարէ մեքենաներով։ Արդէն 1980- ականներուն լրատուամիջոցները կը յայտնեն այս մարզաձեւի մասին։
Drift-ի կամ կողասահքի տեսակներէն են Burnout-ը կամ տեղապտոյտը։
Երբ մարզիկը կը կատարէ այս վարժութիւնը մեքենային անիւները բարձր արագութեամբ կը պտտին եւ կուպրի (ասֆալթ) հետ շփման գերտաքացման հետեւանքով անիւը կ’արձակէ թանձր ծուխ ինչը առաւել գեղեցիկ եւ դիտարժան կը դարձնէ վարժութիւնը։
Երբ 1996 թուականին, ԱՄՆ- Քալիֆորնիա նահանգին մէջ կազմակերրուեցաւ Drift-ի մրցոյթը, անկէ ետք ան շարունակուեցաւ տարածուիլ ամբողջ աշխարհի մէջ։
Նիւթն ու տեսանիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-Ի համար պատրաստեց Հայբերդ Թադեւոսեանը