Տեսանիւթի մէջ ցուցադրուող Mercedes-Benz G AMG-ը 2014-ի արտադրութիւն է, ունի V8 մխոց,
զինուած է 6.3 լիթր շարժիչի ծաւալով եւ ունի հարուստ պատմութիւն։
Mercedes-Benz G AMG-ն սկսած է արտադրուիլ 20-րդ դարուն։ Առաջին տարբերակը, որ
ստեղծուած է 1929-1935 թուականներուն՝ ստացած է G3 անուանումը, յետագային՝
Steyr-Daimler-Puch։
G3-ը ստեծուած է պատերազմական խոչընդոտները յաղթահարելու, իսկ Steyr-Daimler-Puch-ը՝
քաղաքային պայմաններու համար։
1976 թուականին Իրանի շահ Ռեզա Փեհլէուին, որ կը տնօրինէր Mercedes-Benz-ի արժեթուղթերու
մեծ փաթեթի մը, պատուիրած էր այս ամենագնացներուն մշակումը եւ պատրաստ էր ապահովելու
20.000 օրինակ։
Սակայն, 1979 թուականին Իրանի իսլամական յեղափոխութեան պատճառով՝ այդ գործարքը չեղեալ համարուեցաւ, այդ իսկ պատճառով ընկերութիւնը որոշեց զայն վաճառել աշխարհի տարբեր երկիրներու։
Յետագային Mercedes-Benz եւ Steyr-Daimler-Puch ընկերութիւնները ստեղծեցին այս տարբերակի
գերզարգացած տեսակը, որ ստացաւ Gelandewagen անուանումը եւ կ՝արտադրուէր Աւստրիոյ Կրաց
քաղաքին մէջ։
Նիւթն ու տեսանիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-Ի համար պատրաստեց Հայբերդ Թադեւոսեանը