Ուղեւորութիւն Դէպի Եգիպտոս

Եգիպտոսի մայրաքաղաքն է Գահիրէ:

Սահմաններն են արեւմուտքէն Լիպիա, հարաւէն՝ Սուտանը, արեւելքէն՝ Իսրայէլը: Ունի  ծովային սահման Սէուտական Արաբիայի եւ Յորդանանի հետ: Հիւսիսին կ’ողողուի Միջերկրական,արեւելքին՝ Կարմիր ծովի ջուրերով:

Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւնը բաժնուած է 29 մուհաֆազայի(նահանգներու):

1798թ. Նաբոլէոն Պոնապարտի  արշաւանքի ժամանակ  Եգիպտոսի բնակչութիւնը ընդամէնը 3     միլիոն էր:

1939թ. Եգիպտոսի բնակչութիւնը կը կազմէր 16.5 միլիոն մարդ: Բնակչութիւնը արագ աճած է 1970-2010թթ.՝ շնորհիւ բժշկութեան նուաճումներուն  եւ գիւղատնտեսութեան արտադրութեան բարձրացման:

Ներկայիս բնակչութեան թիւը կը կազմէ 80.5 միլիոն: Կրօնական կազմը ՝90% սուննի իսլամ, քրիստոնեաներ՝ 9%, այլ՝ 1%: Եգիպտոսը ամբողջութեամբ կը գտնուի արեւադարձային  կլիմայական  գօտիին մէջ, ունի չոր եւ տաք  եղանակ:

Երկրի ընդերքը հարուստ է քարիւղի, բնական կազի, երկաթի, կապարի եւ այլ պաշարներով:

Եգիպտոսի ամբողջ տարածքին՝ հարաւէն հիւսիս, կը հոսի աշխարհի ամենաերկար գետը՝ Նեղոսը: Նեղոս գետը դարձած է եգիպտական քաղաքակրթութեան հիմքը: Այդ պատճառով Եգիպտոսը անուանուած է նաեւ Նեղոսի պարգեւ:

Մայրաքաղաք Գահիրէն կը հանդիսանայ արաբական մշակոյթի խոշորագոյն կեդրոն:

Մինչ Չինացիներու  յայտնագործած թուղթը կը հասնէր Եգիպտոս եգիպտացիները օգտագործած են պապիրուսը, որ կը պատրաստուէր եղէգէն:

Երկրի ներկայ նախագահն է Աբտ էլ Ֆաթահ Ալ-Սիսին: Ան կեանքի կոչած է շարք մը  ծրագրեր՝ ջրանցքի  կառուցում, լայնածաւալ բնակարանաշինութիւն եւ այլն:

Հայերը  Եգիպտոսի Մէջ

Եգիպտոսի մէջ հայերը հաստատուած են դեռ մեր    թուարկութենէն շատ առաջ: 5-6-րդ դարերուն Հայաստանէն Ալեքսանդրիա ուսանելու մեկնած են  հայ երիտասարդներ՝ Մ. Խորենացի, Եղիշէ: Ալեքսանդրիոյ մէջ հայերը սկսած են հաստատուիլ քաղաքի հիմնադրման օրերէն:

Այժմ Եգիպտոսի մէջ կ’ապրի 5-6 հազար հայ, որոնք կեդրոնացուած են Գահիրէի եւ Ալեքսանդրիոյ մէջ, անոնք գլխաւորաբար Եգիպտոսի մէջ ծնած եւ քաղաքացիութիւն ունեցող հայեր են :

Եգիպտոսի քաղաքական կեանքի մէջ մեծ դեր ունեցած է Նուպարեաններու ընտանիքը :

Նուպար Փաշան եղած է Եգիպտոսի  առաջին վարչապետը: Ան այդ պաշտօնը զբաղեցուցած է երեք անգամ: Հայորդի  Նուպար Փաշայի պրոնզէ արձանը տեղադրուած է Ալեքսանդրիոյ ազգային օփերայի բակին մէջ: Ան կանգնեցուած է  1904թ-ին: Նուպար Փաշայի անունով կոչուած են երկու փողոց, մէկը Գահիրէի, միւսը՝ Ալեքսանդրիոյ մէջ:

Հայեգիպտական դիւանագիտական  յարաբերութիւնները

Հայաստանը եւ Եգիպտոսը  դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած են 1992թ. Մարտին: Հայաստանը Գահիրէի մէջ դեսպանատուն բացած է 1992թ. Սեպտեմբերին, իսկ 1993թ. Ապրիլէն Երեւանի մէջ կը  գործէ Եգիպտոսի դեսպանութիւնը:

Զբօսաշրջութիւն

Դեռ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք Եգիպտոսը յայտնի զբօսաշրջային  կեդրոն էր: 1975թ. Եգիպտոսը հեշտացուց  վիզային համակարգը, ինչը նպաստեց զբօսաշրջութեան զարգացման: Թուրիզմը Եգիպտոսի եկամուտի հիմնական աղբիւրներէն է: Պետութիւնը  մեծապէս կ’աջակցի այս ոլորտի զարգացման: Եգիպտոսի մէջ կը գտնուին  տարբեր ժամանակաշրջաններու եւ քաղաքակրթութիւններու յուշարձաններ՝ հին եգիպտական, քրիստոնէական եւ արաբական:

Ալեքսանդրիոյ մէջ կը գտնուի աշխարհի ամենահին գրադարանը։

2011թ. եգիպտական յեղափոխութեան ընթացքին ողջ երկրի տարածքին տեղի ունեցան շարք մը բախումներ, սպանութիւններ, որուն հետեւանքով զբօսաշրջիկներու թիւը 37%-ով պակսեցաւ՝ 14 միլիոնէն հասնելով 9 միլիոնի: Եգիպտոսի նոր կառավարութիւնը տնտեսութեան վերականգնման համար ստիպուած եղաւ մեծ ջանքեր գործադրել:

Նեղոսի ափերուն հիմնադրուած աշխարհի առաջին պետութիւնը (մ.թ.ա. 4-1 հազարամեակներ), որ կը կառավարուէր փարաւոններու կողմէն: Եգիպտոսի մէջ առ այսօր պահպանուած են շարք մը հնագոյն  պատմամշակութային կոթողներ:

Գահիրէի ամենակարեւոր վայրերէն են բուրգերը: Քաղաքը կը գտնուի Նեղոսի  արեւմտեան ափին: Ափի մօտ կը գտնուին երեք բուրգեր՝ Խոֆօ, Խաֆրա, Մունխա, որոնք կառուցուած են քրիստոսէն 25 դար առաջ, անոնք  թագաւորական դամբարաններ են, իւրաքանչիւրը կը կրէ այն թագաւորի անունը, որ կառուցած է բուրգը եւ թաղուած նոյն բուրգին մէջ: Բուրգերը կը համարուին աշխարհի 7 հրաշալիքներէն մէկը: Անոնք կը հանդիսանան հին եւ նոր պատմութեան ամենամեծ  առեղծուածները:

 

Ապու Ալ Հոլ

Նոյնպէս կարեւոր զբօսաշրջային  վայրերէն է: Կը գտնուի Գահիրէի մէջ: Ան առասպելական արարածի արձան է՝ առիւծի մարմնով, մարդու գլխով: Կ’ենթադրուի, որ  հին եգիպտացիները այս արձանը կառուցած են Խաֆրա փարաւոնի ժամանակ  ք.ա. 2558- 2532թթ. միջեւ: Արձանը կը գտնուի Խաֆրա բուրգի դիմաց: Կը համարուի ամենահին յուշակոթողներէն մէկը :

Փարաւոններու   գիւղ

Լաւագոյն վայրը ուր կարելի է ուսումնասիրել  եւ յայտնաբերել տուեալ ժամանակաշրջանին բնորոշ կենցաղը, ծանօթանալ Եգիպտոսի պատմութեան եւ փարաւոններու քաղաքակրդութեան:

Շարմ  էլ   Շէյխ 

Եգիպտոսի իւրայատուկ քաղաքներէն մէկը, այստեղ ծովն ու անապատը կարծես միախառնուած ըլլան:

Նիւթը պատրաստեց՝

Հայկուհի Մուրատեանը

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...