Ամէն ժողովուրդ ունի իր դիւցազնավէպը, այսինքնժողովուրդի կողմէն ստեղծուած հերոսներու մասինպատմութիւն. Ժողովուրդը իր լաւագոյն գիծերը կը դնէ այդհերոսին մէջ եւ անոր մասին հերոսական պատմութիւն կըստեղծէ, այդ մէկը կը կոչուի դիւցազնավէպ։
Հայկական դիւցազնավէպը կը կոչուի «Սասնայ Ծռեր»,
յաճախ կ’անուանեն նաեւ «Սասունցի Դաւիթ»,
քանի որ հայ ժողովուրդի բնաւորութեան գիծերուն մեծ մասը՝ներկայացուած է՝ դիւցազնավէպի գլխաւոր հերոս՝ Դաւիթիմէջ։
Երբ Դաւիթի հայրը՝ Մհերը, կը մահանայ, Սասուն երկիրիիշխան կ՛ըլլայ Ձէնով Օհան, որովհետեւ Դաւիթ դեռ շատ փոքրէր։
Ձէնով Օհան, ճիշդ է զօրաւոր ձայն ունէր, բայց շատ թոյլ էր ուվախկոտ։
Այն ժամանակ, Սասունէն բացի կար նաեւ ուրիշ հզօր երկիրմը՝ Մսըր անունով, որ ունէր Մելիք անունով չար թագաւոր մը։
Մսրա երկրի չար թագաւոր Մելիքը, զօրք հաւաքեց եւ ուզեցգրաւել Սասունը։ Սասունցիները պարտուեցան, որովհետեւունէին Ձէնով Օհանի պէս վախկոտ առաջնորդ, իսկ մանուկԴաւիթ, որ շատ արագ կը մեծնար, արդէն յայտնի էր իր ուժովու քաջութեամբ։
Օր մը, երբ Մսրա Մելիք կը հրամայէ, որ բոլոր սասունցիներըանցնին իր սուրին տակէն, հինգ տարեկան Դաւիթ կը նայիՄսրամելիքի սուրին եւ կը պոռայ.
Ես չեմ անցնիր այս սուրին տակէն, ես չեմ ուզեր գերի դառնալՄսրամելիքին։
Երբ Դաւիթ քիչ մըն ալ կը մեծնայ եւ կը լսէ, որ ՍասունըՄսրամելիքին հպատակ դարձած է, ան կը հեծնի իր հօր ձին՝Քուռկիկ Ջալալին, կ՛երթայ Մսրամելիքի երկիր ու կը կանչէ…
Ով քնացած է՝ թող արթուն կենայ,
Ով արթուն է՝ ձի թամբեցէք,
Ով թամբած է՝ զէնքեր կապեցէք,
–Չըսէք Դաւիթ գող–գող եկաւ,
Գող–գող գնաց։
Կը սկսի Դաւիթի եւ Մելիքի մենամարտը։ Դաւիթ իր հզօրհարուածով գետին կը տապալէ Մելիքը եւ կ՛ազատէ Սասունը։