- Երկաթը կը ժանգոտի, երբ չ’օգտագործուիր, կանգ առած ջուրը կը նեխի կամ ցուրտին կը սառի։ Իսկ մարդու խելքը չօգտագործելով՝ կը չորնայ։
- Խղճալի է այն աշակերտը, որ չ՝անցնիր իր ուսուցիչին։
- Իրական սէրը կը բացայայտուի դժբախտութիւններու պահուն։ Ինչպէս ճրագը՝ որքան մութ է գիշերը, այնքան աւելի պայծառ կը վառի ան։
- Մէկ անգամ փորձարկէ թռիչքը՝ եւ աչքերդ յաւերժ ուղղուած կ’ըլլան երկնքին։
- Ով վախի մէջ կ’ապրի՝ ան վախէն կը մահանայ։
- Իւրաքանչիւր դժուարութիւն կը յաղթահարուի հաստատակամութեամբ։
- Մեր ծնողներէն մենք ստացած ենք մեծագոյն նուէր՝ կեանք։ Անոնք կերակրած եւ մեծցուցած են մեզ՝ չխնայելով ոչ սէր եւ ոչ ջանք։ Եւ հիմա, երբ անոնք ծեր են եւ հիւանդ՝ մեր պարտքն է առողջացնել եւ հոգ տանիլ անոնց։
- Ով չի գնահատեր կեանքը՝ արժանի չէ անոր։
- Բնութիւնը այնպէս հոգ տարած է ամէն ինչի համար, որ ամենուր կրնաս սորվելու բան գտնել։
- Խորհուրդ հարցուր անկէ, ով որ կրնայ ինքզինք յաղթել։
- Խրատէ ընկերդ երբ միայնակ էք, եւ գովէ, երբ մարդոց մէջ էք։
- Երիտասարդութեան փայփլուն գեղեցկութիւնը կը խամրի՝ չափազանց ճոխ եւ շատ զարդերէն։
- Երջանկութիւնը բաժին կը հասնի անոր, ով որ շատ կ’աշխատի։
- Բնութեան մէջ, ամէն ինչ իմաստուն կերպով մտածուած եւ կառուցուած է, իւրաքանչիւրը պէտք է զբաղի իր գործով, եւ այս իմաստութեան մէջ է կեանքի մեծագոյն արդարութիւնը։