ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋ. Հայկական Ժողովրդական Հնագոյն Տօնը

Տեառնընդառաջը Հայկական ժողովրդական հնագոյն տօներէն մէկն է:

Ինչպէս գիտէք մեր բոլոր «քրիստոնէական» տօները առաւել կամ նուազ չափով կը կրեն ազդեցութիւնը հեթանոսական կամ բնապաշտ տօներուն:

Եկեղեցին՝ նախաքրիստոնէական շրջանէն եկած այս տօնը, կապած է քառասնօրեայ մանուկ Քրիստոսը տաճարին ընծայելու տօնին, ուր մարգարէութեան համաձայն Քրիստոսին պիտի ընդունէր Սիմէոն ծերունին, որուն խոստացուած էր հոգին չաւանդել մինչեւ Փրկիչը տեսնելը: Տեառընդառաջ կը նշանակէ Տիրոջ ընդառաջ երթալ։

Տօնակատարութիւնները կը սկսին Փետրուար 13-ի երեկոյեան, քանի որ եկեղեցական տօնացոյցով նոր օրը կը սկսի երեկոյեան ժամերգութենէն ետք։ Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին կը կատարուի արտերու եւ այգիներու օրհնութիւն։ Ժամերգութեան աւարտին մարդիկ եկեղեցւոյ մէջ վառած մոմէն կը վառեն իրենց մոմերը` Քրիստոսի փրկարար լոյսի խորհրդանիշը իրենց հետ տանելով տուն։ Ժողովրդական աւանդոյթի համաձայն` եկեղեցիէն դուրս բերուած մոմի կրակով կը վառեն նաեւ Տեառնընդառաջի խարոյկը։

Ըստ Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի, «ինչպէս Տիրոջը տաճարին ընծայելու ժամանակ ժողովուրդը ջահերով եւ կանթեղներով ելաւ անոր ընդառաջ, մենք ալ նոյն օրինակով կրակ ու ջահ կը վառենք եւ Տիրոջ գալստեան նախատօնակը կը կատարենք»։ 

Տեառնընդառաջի նկատմամբ աւանդական զրոյցները քիչ են, միայն կարգ մը սովորոյթներ կը մնան ու կը գործադրուին:

Տեառնընդառաջը կը կատարուի Փետրուար 14 ին: Ինչպէս Սիմէոն ծերունիին ընդառաջ գնաց Տիրոջ, այդպէս ալ մարդիկ կ՛ուզեն ընդառաջ երթալ Գարնան եւ Արեւին: Բնական զուգորդութիւն մը կը ստեղծուի՝ Յիսուսի եւ լոյսի, արեւի ու կրակի միջեւ: Խարոյկը Գարնան հրաւէր է: Առաջին խարոյկը կը վառի եկեղեցւոյ բակին մէջ ուրկէ կիներ խանձող (այրած բայտ) կը բերեն իրենց տան կրակը եւ լապտերը վառելու:

Խարոյկի մոխիրը կը թափեն արտերուն ու այգիներուն մէջ, որ դաշտերուն մէջ հացը առատ ըլլայ, այգիներուն մէջ՝ պտուղը, հաւերը ըլլան ածան բոլոր կենդանիները ձագ բերեն: Նորապսակ հարսերը կը ցատկեն խարոյկին վրայէն, որպէսզի զաւակ ունենան: Կրակին մէջ կ՛այրեն հին ու անպէտք իրերը, որպէսզի խափանեն չարը եւ ուժ տան տարապողներուն:

 

 

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...