Ա­միր­տով­լաթ Ա­մա­սիա­ցի (1420-1496). ­Հայ­կա­կան Բժշկա­գի­տու­թեան Լոյ­սը

Հայ ժողովուրդի մեծ ար­ժէք ծնունդ­նե­րու շար­քին ար­ժա­նա­ւոր իր տե­ղը ու­նի բնա­գէտ ու բժիշկ,

մա­տե­նա­գիր եւ բա­ռա­րա­նա­գիր Ա­միր­տով­լաթ Ա­մա­սիա­ցին։
Ծնած է 1420ա­կան­նե­րուն Ա­մա­սիայի մէջ, ան ոչ միայն իր ա­նու­նով, այ­լեւ գի­տա­կան վաս­տա­կով կը

նկա­տո­ւի ա­մէ­նէն հեղինակաւոր դէմ­քե­րէն մէ­կը միջ­նա­դա­րեան՝ Ա­րա­բա­կան տի­րա­պե­տու­թեան

դա­րաշր­ջա­նին։
Հան­րա­գի­տա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը քիչ են Ա­մա­սիա­ցիի կեն­սագ­րու­թեան մա­սին։ Ան շրջած է Ա­րե­ւել­քի

տար­բեր եր­կիր­ներն ու մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­նե­րը, ծա­նօ­թա­ցած ու հմտա­ցած է իր ժա­մա­նա­կի գի­տա­կան-

մտա­ւո­րա­կան յա­ռա­ջա­պահ շար­ժում­նե­րուն հետ եւ տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րած իր ու­սում­նա­սի­րու­թեանց

ու յայտ­նա­գոր­ծում­նե­րուն ար­գա­սի­քը գրի ա­ռած ու հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն ժա­ռանգ կտա­կած է։
Ա. Ա­մա­սիա­ցի բժշկու­թիւ­նը սոր­ված է ­Մի­ջա­գետ­քի մէջ։ ­Տի­րա­պե­տած է յու­նա­րէ­նին, լա­տի­նե­րէ­նին,

պարս­կե­րէ­նին, թուր­քե­րէ­նին եւ ա­րա­բե­րէ­նին։ ­Յա­տուկ կեդ­րո­նա­ցու­մով ու­սում­նա­սի­րած է հին եւ

միջ­նա­դա­րեան բժշկու­թիւ­նը, ո­րուն զար­գաց­ման նո­ւի­րեց գի­տա­կան իր պատ­րաս­տու­թիւնն ու տա­ղան­դը։

Իր կեան­քին մե­ծա­գոյն մա­սը Ա. Ա­մա­սիա­ցի ան­ցուց ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ մէջ, ուր եւ գրեց իր կա­րե­ւո­րա­գոյն

աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը։
Մաս­նա­գէտ­նե­րու վկա­յու­թեամբ՝ Ա­միր­տով­լաթ Ա­մա­սիա­ցի հայ բժշկա­գի­տա­կան գրա­կա­նու­թիւ­նը

հարս­տա­ցուց ար­ժէ­քա­ւոր եր­կե­րով, ո­րոնք կ’ընդգր­կեն միջ­նա­դա­րեան բժշկա­գի­տու­թեան եւ դե­ղա­գի­տու­թեան

գրե­թէ բո­լոր ճիւ­ղե­րը։

Իր­մէ հա­սած ա­ռա­ջին աշ­խա­տու­թիւ­նը՝ «Ու­սումն բժշկու­թեան», նո­ւի­րո­ւած է մար­դու մարմ­նա­բա­նու­թեան,

ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան, ախ­տա­բա­նու­թեան եւ դե­ղա­գի­տու­թեան հար­ցե­րուն։ ­Գիր­քը ու­նի եր­կու մաս. ա­ռա­ջի­նը՝

մար­դա­կազ­մու­թիւն, երկ­րոր­դը՝ ախ­տա­բա­նու­թիւն, ուր ման­րա­մասն նկա­րագ­րո­ւած են հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու

պատ­ճա­ռա­գի­տու­թիւ­նը, դար­ման­ման կա­րի­քը շեշ­տող ախ­տան­շան­նե­րը, հի­ւան­դին բու­ժու­մը եւ խնամ­քը։
Հո­գե­բու­ժու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս մնա­յուն ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նեն Ա. Ա­մա­սիա­ցիի մշա­կած

տե­ղե­կու­թիւն­ներն ու տե­սու­թիւն­նե­րը մո­լու­թեանց, ցնո­րամ­տու­թեան, մե­լա­մաղ­ձու­թեան, ընկ­ճո­ւա­ծու­թեան

եւ անք­նու­թեան օ­րի­նա­կով ախ­տան­շան­նե­րու եւ հի­ւան­դու­թեանց վե­րա­բե­րեալ։

Կա­նա­ցի հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը եւս ար­ժա­նա­ցած են Ա­մա­սիա­ցիի ու­շադ­րու­թեան։ ­Ման­րա­մասն նկա­րագ­րած եւ քննած է դաշ­տա­նա­յին շրջա­նա­ռու­թեան խան­գա­րում­նե­րը եւ սե­ռա­կան օր­կան­նե­րու խո­ցերն ու ու­ռուցք­նե­րը,

չբե­րու­թեան կամ ամ­լու­թեան պատ­ճառ­նե­րը, ման­կա­բար­ձու­թեան աս­պա­րէ­զէն ներս՝ ար­գան­դի կա­ռու­ցո­ւած­քը, դերն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը յղու­թեան եւ ծննդա­բե­րու­թեան ըն­թաց­քին։
Իսկ աչ­քի հի­ւան­դու­թիւն­նե­րուն Ա. Ա­մա­սիա­ցի նո­ւի­րած է 20 գլուխ, քիթ-կո­կորդ-ա­կան­ջա­բա­նու­թեան՝ 15

գլուխ։ ­Ման­րա­մասն նկա­րագ­րած է ա­կան­ջա­բոր­բե­րը, քի­թի փո­լիփ­նե­րը եւ ան­կի­նա­նե­րը։
Ա­մա­սիա­ցիի միւս կա­րե­ւոր գոր­ծը՝ «Ախ­տա­պա­տին» աշ­խա­տու­թիւ­նը բաղ­կա­ցած է եր­կու մա­սե­րէ.

դե­ղա­գոր­ծու­թիւն եւ դե­ղա­գի­տու­թիւն։ Ա­ռա­ջին մա­սին մէջ զե­տե­ղո­ւած են դե­ղա­տոմ­սեր. ման­րա­մասն

նկա­րագ­րո­ւած են դե­ղա­նիւ­թե­րը, ա­նոնց բա­ղադ­րու­թիւ­նը, օգ­տա­գործ­ման քա­նա­կը եւ պահ­պան­ման

մի­ջոց­նե­րը։ Երկ­րորդ մա­սով տրո­ւած են դե­ղե­րու ա­նուն­նե­րը, ա­նոնց ազ­դե­ցու­թիւ­նը մար­մին­նե­րու վրայ

եւ ցուց­մունք­ներ՝ ա­նոնց օգ­տա­գործ­ման մա­սին։

Ա. Ա­մա­սիա­ցիին ծա­նօթ ե­ղած են բու­սա­կան, կեն­դա­նա­կան եւ հան­քա­յին ծա­գում ու­նե­ցող դե­ղե­րը, ինչ­պէս

նաեւ ա­նոնց բա­ղադ­րիչ նիւ­թե­րը։
Ա­միր­տով­լաթ Ա­մա­սիա­ցի գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան նիւթ դար­ձու­ցած է նաեւ աստ­ղա­բաշ­խու­թեան

առն­չո­ւած հար­ցե­րը։
Հայ մեծ գիտ­նա­կա­նը ապ­րե­ցաւ շուրջ 76 տա­րի եւ վախ­ճա­նե­ցաւ 8 ­Դեկ­տեմ­բեր 1496ին, Պուր­սա։
Ի­րեն կը պատ­կա­նի ա­ւե­լի քան 514 տա­րի­ներ ա­ռաջ յայտ­նա­գոր­ծո­ւած բժշկա­գի­տա­կան այն ախ­տո­րո­շու­մը,

թէ «­Վա­խը, տրտմու­թիւ­նը եւ բար­կու­թիւ­նը մա­հա­բեր հի­ւան­դու­թեան պատ­ճառ են»:

քաղուած՝

Նազարէթ Պէրպէրեանի յօդուածէն

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...