Ա­րամ ­Մա­նու­կեան 1879-1919

Ա­րամ ­Մա­նու­կեան (­Սեր­գէյ ­Յով­հան­նի­սեան, 1879-1919) ­Հայաստա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տի­չը,

հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգն­ման հիմ­նա­դի­րը Պետական, հասարակական գործիչ Արամ

Մանուկեան ծնած է 1879թ. Զէյվայի մէջ (այժմ`   ՀՀ Սիւնիքի մարզ, գիւղ Դաւիթ Բեկ): Հայ

Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամ:

Շուշիի մէջ դերձակ եղբօր օգնութեամբ աւարտած է Շուշիի Ագուլեաց ծխական ուսումնարանը, որ

ժա­մա­նա­կի հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­ւոր­ման հնոց էր։ Ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու

խնդիր չէ ու­նե­ցած Ա­րամ, ո­րով­հե­տեւ Երկ­րի կան­չը պա­տա­նի տա­րի­քէն ար­դէն գրա­ւած էր ա­նոր միտքն ու

սիր­տը։

Ընդգրկուելով հայ ժողովուրդի հակացարական պայքարի մէջ՝ 1901-1903թթ.-ին գործած է Բաքուի, Գանձակի, Թիֆլիսի, Ալեքսանդրապոլի եւ Կարսի մէջ:

1903թ.-էն Կարսի մէջ զբաղած է Արեւմտեան Հայաստան զէնք, զինամթերք, նաեւ կամաւորական խումբեր փոխադրելով:

1904-1908թթ.-ին գործած է Վանի մէջ (այնտեղ զինք անուանած են Վանի Արամ), Օրդու քաղաքի մէջ

զբաղած է ուսուցչութեամբ, ապա 2 տարի ապրած է Ժընեւ:

1910թ.-ին վերադարձած է Վան, եղած է Վասպուրականի հայութեան ամենաճանչցուած եւ սիրուած

գործիչը: Վասպուրականի մէջ ան ամէնուր էր`   ե՛ւ դպրոց, ե՛ւ մամուլ, ե՛ւ ազգային հաստատութիւններ,

ե՛ւ երիտասարդական շրջաններ, ե՛ւ յարաբերութիւններ կառավարութեան հետ եւ այլն:

Կազմակերպած եւ ղեկավարած է 1915թ.-ի Վանի ինքնապաշտպանութիւնը, որուն յաղթական աւարտէն

ետք ղեկավարած է Վանի նահանգապետութիւնը (գոյատեւած է 70 օր՝ անկում ապրելով ռուսական

զօրքերու անակնկալ հեռանալէն ետք): Ան միակ մարդն էր, որ հեղինակութիւն ունէր բոլորի մօտ`   թէ հակառակորդներու, թէ կողմնակիցներու:

Ռուսական զօրքերու նահանջի ժամանակ կազմակերպած է Վասպուրականի հայութեան (շուրջ 200

հազար մարդ) գաղթը դէպի Արեւելեան Հայաստան:

Ա­րա­մի ճի­գե­րուն ար­գա­սի­քը ե­ղաւ 1915ին ­Վա­նի հա­յու­թեան միաս­նա­կան՝ հե­րո­սա­կա՛ն

ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը, ո­րուն ո­գին եւ հուժ­կու բռունցքն էր Ա­րամ։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ ան նշա­նա­կո­ւե­ցաւ

օս­ման­ցի­նե­րէն իր ան­կա­խու­թիւ­նը նո­ւա­ճած ­Վա­նի կա­ռա­վա­րիչ, ար­ժա­նա­նա­լով ոչ միայն վա­նե­ցի­նե­րու,

այ­լեւ՝ ­Վան մտած ռու­սա­կան զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թեան հիաց­մուն­քին ու վստա­հու­թեան։

1916-1917թթ.-ին Արամ Մանուկեան եղած է Թիֆլիսի հայոց Ազգային բիւրոյի եւ ՀՅԴ բիւրոյի անդամ

(զբաղած է արեւմտահայ գաղթականութեան հարցերով): Մեծ դեր խաղցած է արեւմտահայերու առաջին համագումարի կազմակերպման գործին մէջ: 1917թ.-ին իբրեւ Հայոց ազգային խորհուրդի լիազօր-

ներկայացուցիչ ժամանած է Երեւան:

Ծանօթանալով այնտեղ ստեղծուած ծանր պայմաններուն՝ Արամը կտրուկ միջոցներ  ձեռնարկած է

իրադրութիւնը կայունացնելու համար, գլխաւորած է նոր ստեղծուած Յատուկ կոմիտէն, որ զինք

օժտած է լայն լիազօրութիւններով, իսկ
1917ի իր Ե­րե­ւան ժա­մա­նու­մէն մին­չեւ 1919ի իր մարմ­նա­պէս հիւ­ծումն ու մա­հը՝ Ա­րամ ­Մա­նու­կեան

բա­ռին ամ­բող­ջա­կան ի­մաս­տով Ա­րա­րա­տեան ­Դաշ­տի ողջ հա­յու­թեան մար­տու­նակ կամ­քին եւ հա­ւա­քա­կան

ու­ժին խտա­ցեալ մարմ­նա­ւո­րու­մը դար­ձաւ։ Ան իր տեն­դոտ աշ­խա­տան­քով եւ բազ­մու­թիւն­ներ գե­րե­լու եւ ի

մի բե­րե­լու, հա­մախմ­բե­լու եւ կազ­մա­կերպ ամ­րո­ցի վե­րա­ծե­լու իր տա­ղան­դով՝ Ա­րամ շունչ եւ մար­մին տո­ւաւ

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մին, ­Սար­դա­րա­պա­տի, ­Բաշ Ա­պա­րա­նի եւ Ղա­րա­քի­լի­սէ­յի յաղ­թա­կան

հե­րո­սա­մարտ­նե­րուն։
Պա­տա­հա­կան չէր, որ հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան օր­հա­սա­կան այդ պա­հուն՝ Ե­րե­ւա­նի հա­յու­թիւ­նը

«­Դիկ­տա­տոր» կար­գեց Ա­րա­մին եւ ա­նոր վստա­հո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին իր ճա­կա­տագ­րին դարբ­նու­մը։ Ա­րամ

ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս ի­րա­գոր­ծեց իր ու­սե­րուն վրայ դրո­ւած ծան­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տւու­թիւ­նը եւ

դար­ձաւ հիմ­նա­դի­րը ­Հա­յոց ­Պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին։

Մանուկեան բազմաթիւ կոչերով ու հրամաններով դիմած է հայ ժողովուրդին՝ կազմակերպուած պայքար

մղելու, սեփական ուժերուն վստահելու, թրքական յարձակումներէն երկրի պաշտպանութիւնը նախապատրաստելու համար.

«Մինակ ենք եւ պէտք է ապաւինինք միայն մեր ուժերուն՝ թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ՛ երկրի ներսը

կարգ հաստատելու»:

Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք ղեկավարած է երկիրը մինչեւ 1918թ.-ի Յուլիս 23-ը, երբ

Երեւան ժամանեց Թիֆլիսի մէջ ստեղծուած Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը Յովհաննէս Քաջազնունիի գլխաւորութեամբ: Նոր կառավարութեան մէջ Մանուկեանը ներքին գործերու նախարար էր

եւ այդ պաշտօնը վարած է մինչեւ մահը, իսկ աշխատանքի եւ խնամատարութեան նախարար Խաչատուր Կարճիկեանի սպանութենէն ետք, մօտ մէկ ամիս`   1918թ.-ի Նոյեմբեր 15-ից-1918թ.-ի Դեկտեմբեր 13-ը

հանրային խնամատարութեան եւ աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատարն էր : Մահացած է 1919թ.-ի Յունուար 29-ին բծաւոր տիֆէն:

Արամ Մանուկեան վայելած է հայ ժողովուրդի սէրն ու յարգանքը. ժողովուրդը անոր ձօնած է երգեր:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...