Աբրահամ կ’ապրէր իր կնոջ՝ Սառային հետ. հեռաւոր երկրի մէջ. լայնահուն գետի մը ափին։
Անոնք արդէն երիտասարդ չէին. երեխաներ չունէին եւ միայնակ կ’ապրէին իրենց տան մէջ։

Տէրը ըսաւ Աբրահամին.

-Հեռացի’ր քու երկրէդ. քու ազգականներէդ, ձգէ քու հայրական տունդ եւ գնա- այն երկիրը, որ ես քեզի ցոյց պիտի տամ։ Ես քեզ կը դարձնեմ մեծ ազգի առաջնորդ. կ’օրհնեմ քեզ եւ կը փառաբանեմ քու անունդ ու դուն կը դառնաս օրհնանքներու աղբիւր։

Աբրահամը կատարեց Տիրոջ պատուէրը եւ մեկնեցաւ։
Ան իր հետ տարաւ իր կինը՝ Սառան, եղբօր որդին՝ Ղովտը, ծառաներն ու ամբողջ ունեցուածքն ու հօտերը։
Երկար ճանապարհ անցնելէն ետք, անոնք հասան ծանօթ երկիր մը, որ կը կոչուէր Քանան։

Տէրը յայտնուեցաւ Աբրահամին եւ ըսաւ անոր.- Այս երկիրն է, որ առյաւէտ պէտք է տամ քեզի եւ քու սերունդներուդ։
Աբրահամ այնտեղ Խորան մը կառուցեց Տիրոջ՝ Աստուծոյ համար։
Աբրահամն ու Սառան երթալով կը ծերանային եւ դեռ երեխայ չունէին։

Աբրահամն ըսաւ Տիրոջը. – Դուն ինծի զաւակ չպարգեւեցիր… ես շուտով պիտի մահամանամ…
Ի՞նչ եղաւ քու խոստումդ…
Գիշեր մը Տէրը Աբրահամը դուրս կանչեց եւ ըսաւ.
-Նայի’ր երկնքին, եւ եթէ կրնաս հաշուել աստղերը, հաշուէ’։
Ահա այդքան սերունդ կ’ունենաս դուն։ Աբրահամը հաւատաց Տիրոջ խօսքերուն։

Օր մը, երբ Աբրահամը ցերեկուան տաքին նստած էր վրանի մուտքին մօտ, յանկարծ անոր դիմաց երեք մարդ յայտնուեցան։

Աբրահամը զիրենք ընդունեց, եւ մինչ Սառան ճաշ կը պատրաստէր, ան զիրենք հրաւիրեց հանգստանալու։

Ճաշէն ետք այդ մարդոցմէն մէկը անոր ըսաւ.
-Եկող տարի, այս ժամանակ Սառան որդի կ’ունենայ։
Անոնց ետեւը՝ վրանի մուտքի քով կանգնած, Սառան կը լսէր այդ խօսքերը։ Ան ծիծաղեցաւ եւ մտածեց. « Ես ու ամուսինս տարիքն առած մարդիկ ենք, հնարաւ՞որ է արդեօք նման ուրախութիւն ապրիլ»։
Մարդը ըսաւ Աբրահամին.
-Ինչո՞ւ Սառան կը ծիծաղի եւ կ’ըսէ.«Կը կարենա՞մ արդեօք երեխայ ունենալ այս տարիքին»։ Աստուծոյ համար անհնար բան չկայ։ Ես յաջորդ տարի այս ժամանակ կը վերադառնամ, եւ Սառան որդի կ’ունենայ։

Տէրը կատարեց իր խոստումը եւ մէկ տարի անց, այդ նոյն օրը Սառան Աբրահամին զաւակ պարգեւեց։

Աբրահամը զինք կոչեց Իսահակ։
Եւ Սառան ըսաւ.
-Աստուած ինծի ուրախութիւն պարգեւեց։ Բոլոր անոնք, որոնք կ’իմանան այդ մասին, կը ժպտին եւ կ’ուրախանան ինծի հետ։Եւ աւելցուց «Ո՞վ կ’ըսէրԱբրահամին, թէ Սառան դեռ երեխայ կ’ունենայ եւ կը կերակրէ զինք»։

Եւ երկուքն ալ երջանկութենէն կը ծիծաղէին։

