Ամենացած ձայնը, որ կ’ընկալէ մարդու ականջը, 10-15 տեսիպել է: Սովորական խոսակցութիւնը 35 տեսիպել է, շշուկը` 20:
Պոռալը (60 տեսիպել է) կրնայ անյարմարութիւն յառաջացնել, իսկ 90 տեսիպել բարձր ձայնը արդէն վտանգաւոր է:
90 տեսիպել է մեթրոյի եւ նմանատիպ փոխադրամիջոցներու ձայնի բարձրութիւնը: Իսկ ժամանակակից նուագարկիչի (cd player) ձայնի բարձրութիւնը 105 տեսիպել է:
Պէտք է նշել, որ մեթրոյի եւ նման փոխադրամիջոցներու ձայնը մենք կը լսենք օրական ընդամէնը մի քանի վայրկեան,
իսկ դեռահասը երաժշտութիւն կը լսէ գրեթէ ամբողջ օրը, երբեմն նաեւ գիշերը եւ այն ալ առաւելագոյն բարձրութեամբ:
80 տեսիպել ձայնի կարճատեւ ազդեցութենէն ետք ներքին ականջի բջիջները արագօրէն կը վերականգնուին,
իսկ աղմուկի բազմակի ազդեցութեան պարագային բջիջները կը սկսին վնասուիլ:
Ականջակալը (headphone) շարունակ օգտագործելու պարագային բջիջները չեն վերականգնուիր: Ըստ համապատասխան վիճակագրութեան`
MP3 նուագարկիչով իւրաքանչիւր 10- րդ երաժշտութիւն լսողը` անկախ տարիքէն, լսողութեան խանգարում ունի: