Ամարասի վանքը կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի շրջանի Մաճկալաշէն գիւղին մէջ՝ Խազազ եւ Լուսաւորիչ սարերու միջեւ:
Հայ պատմիչներու վկայութեամբ ՝ Ամարասի վանքի եկեղեցին հիմնադրած է Գրիգոր Լուսաւորիչը՝ չորրորդ դարու սկիզին: Եկեղեցին իր աւարտին հասած է անոր թոռնիկ՝ Գրիգորիսի օրով:
Հինգերորդ դարու սկիզբին, Մեսրոպ Մաշտոց Ամարասի վանքի մէջ կը հիմնէ Արցախի առաջին դպրոցը: Դպրոցի կառուցումը նպաստեց հայկական մատենագրութեան տարածման:
Ըստ Մովսէս Կաղանկատուացիի ՝ 489 թուականին Աղուանքի Վաչագան Գ Բարեպաշտ թագաւորը Ամարասի մէջ կը վերագտնէ Գրիգորիսի գերեզմանի տեղը եւ վրան մատուռ կը կառուցէ:
Վանքը շրջապատուած էր հաստ պարիսպներով, եւ վտանգներու պարագային կը դառնար բերդամրոց, ուր կը պատսպարուէր ժողովուրդը:
Վանքը բազմիցս ենթարկուած է աւերածութիւններու, սակայն արագօրէն վերականգնուած է:
Հիմք ընդունելով ասիկա՝ ժողովրդի մօտ պահպանուած է հետաքրքրական զրոյց մը, ըստ որուն, երբ հերթական բռնաւորը հիմնայատակ կ’աւերէր վանքը, եւ որպէսզի անիկա այլեւս չվերականգնուի, իր զօրքը շարքով կը կանգնեցնէր մինչեւ Երասխի ափը, զինուորները վանքի քարերը իրար փոխանցելով կը նետէին գետը: Սակայն ամէն անգամ երբ թշնամին կը հեռանար վանքի սահմաններէն, այն իր նախկին շուքով կը կանգնէր իր աւանդական տեղը:
1928 թուականէն վանքը չէր գործեր մինչեւ 1989 թուականը, որուն յաջորդեց արցախեան պատերազմը: Ամարասի վանքը սկսած է վերստին գործել 2005 թուականէն, երբ տօնուեցաւ գիրերու գիւտի 1600 ամեակը:
Տարիներու ընթացքին վանքը վերանորոգուած է եւ սկսած է ընդունիլ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ:
Ամարասի վանական համալիրը այսօր կը համարուի պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձան, որ կը պահպանուի պետութեան կողմէն:
Նիւթը «Հայկաշխարհ»-ի համար պատրաստեց Նարէ Մուրատեան