Դիզափայտ լեռը կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան հարուստ պատմամշակութային ժառանգութիւն ունեցող Հադրութի շրջանի՝ Խանձաձոր գիւղին մէջ:
Լեռը կը գտնուի ծովու մակարդակէն 2478 մ. բարձրութեան վրայ: Դիզափայտի գագաթին կը խոյանայ Կատարոյ վանքը: Անիկա Արցախի գլխաւոր ու պատմական սրբավայրերէն է։ Յուշարձանը, դատելով այնտեղ պահպանուած խաչքարերու մնացորդներէն, կառուցուած է 17-րդ դարուն:
Վանքը ունի ուղղանկիւն յատակագիծ՝ երկթեք ծածկով: Միակ մուտքը կը բացուի արեւմուտքէն:
Ըստ աւանդոյթի, սարի գագաթին, հինաւուրց Կատարոյ վանքի տեղը, 330-ականներուն նահատակուած են մազքթաց արքայ Սանեսանի զաւակներն ու բազմաթիւ քրիստոնեաներ, որոնց դարձի բերած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի թոռը՝ Արցախ աշխարհի առաջին եպիսկոպոս Ս. Գրիգորիսը։
Նորահաւատները փայտի պէս դիզած ու այրած են, այստեղէն ալ յառաջացած է լերան անուանումը:
Հակառակ անոր, որ Կատարոյ վանք տանող արահետը դժուար անցանելի է, սակայն անիկա երբեք այցելուներու պակաս չ’ունենար եւ ամպերու մէջ ծուարած վանքը կ’ապացուցէ, որ մարդն ու բնութիւնը միասին հրաշքներ կը գործեն:
Նիւթը Հայկաշխարհ-ի համար պատրաստեց՝
Նարէ Մուրատեան