Այդ դուք էք, այդ մենք ենք…
Մեր մէջ ձեր արիւնն է, որ
կ’եռայ, կը փրփրի եւ կը մղէ մեզ պինդ նայելու ձեր փոս աչքերուն,
պինդ նայելու մեր պատմութեան
եւ տեսնելու արեւն ու կրակը, ապրելու լեռներուն բարձրութիւնը եւ անդունդներուն խաւարը, հմայուելու ծաղիկներով եւ փուշերով արիւնելու, հրճուելու եւ հեկեկալու։
Այդ դուք էք, այդ մենք ենք…
Ձեր լռութեամբ կը պատմէք, ու մենք կը լսենք, դեռ կը լսենք…
Կը լսենք ու կը զարմանանք,
Կը զարմանանք ու կը մեծնանք, Կը մեծնանք ու կը հասկնանք…
Այդ դուք էք, այդ մենք ենք…
Դուք` արեան կանչ,
Մենք` վրէժի ծիլ։
Թամար Հերկելեան