Հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք՝ Անին եղած է Հայաստանի ամենահռչակաւոր մայրաքաղաքներէն մէկը 961-1053 թուականներուն` Բագրատունիներու թագաւորութեան օրերուն:
Արքունիքը Կարսէն Անի տեղափոխած է Աշոտ Երրորդ Բագրատունին: Անին յայտնի էր իբրեւ երկրի տնտեսական, առեւտրական, արհեստագործական եւ մշակութային խոշոր կեդրոն։ Ունեցած է մօտ 100 հազար բնակիչ:
Քաղաքը կառուցուած է Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի մէջ` Ախուրեան եւ Անի գետերու միախառնման վայրի մէջ: Այս երկու գետերու միացման եռանկիւնաձեւ տարածութեան վրայ փռուած է Անի քաղաքը։
Անին արտաքին աշխարհի հետ կապուած էր Ախուրեան գետի վրայ կառուցուած հինգ քարաշէն կամուրջներով, որոնք բոլորն ալ ունեցած են 30 մեթրէ աւելի երկարութիւն։
Քաղաքը ունեցած է 40 դուռ։ Անիի հարաւային մասին, վիթխարի ժայռի վրայ կը գտնուի քաղաքի միջնաբերդը։
Թագաւորական պալատի ընդհանուր մակերեսը 3500 — 4000 քմ է։ Պալատի սրահներու պատերը զարդարուած էին որմնանկարներով։ Կը գործէր եօթ սրահներէ բաղկացած պալատական բաղնիք՝ պաղ ու տաք ջուրի աւազաններով, խողովակաշարի միջոցով օգտագործուած ջուրի հեռացմամբ։
Մայրաքաղաք հռչակուելէն ետք բաղնիքը կը զարդարուի բազմաթիւ տուֆակերտ գեղեցիկ կոթողներով, որոնցմէ շատերը ունին համաշխարհային արժէք։
Անիի շէնքերը, եկեղեցիները հայ ճարտարապետութեան լաւագոյն գործերն են։ Իր ճարտարապետական ոճով ամենայայտնին Անիի Մայր եկեղեցին է, զոր կառուցած է Տրդատ ճարտարապետը 960-1001թթ.:
1053թ. վերջ գտաւ Բագրատունեաց թագաւորութիւնը։ Թշնամիներու յարձակումները, առեւտրական ճանապարհներու փոփոխութիւնը, յաճախակի երկրաշարժերը Անիի կործանման պատճառ դարձան։ Առաւել մեծ հարուած էին 1319 թուականի երկրաշարժը եւ Լենկթեմուրի արշաւանքները, որոնք կործանարար եղան Անիի համար։
Անին սկսաւ աստիճանաբար ամայանալ: 17-րդ դարու սկզբին ան անմարդաբնակ էր եւ քանդուած։
Անիի հայերու մեծ մասը գաղթեց Լեհաստան եւ Ղրիմ։ Քաղաքի աւերակները ներկայիս կը գտնուին Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող հայկական Կարս նահանգի` հայ-թրքական սահմանի մօտ, Գիւմրիէն 30 քմ հարաւ-արեւմուտք: