Անվտանգութեան Կանոնները Սառոյցի Վրայ

Եթէ կը սիրէք սահիլ սառոյցի վրայ, ապա պէտք է զգոյշ ըլլաք։ Ամուր երեւցող սառոյցը կրնայ շատ վտանգաւոր ըլլալ։

Իսկ ինչպէ՞ս խուսափիլ վտանգէն.

Միշտ ուշադրութիւն դարձուցէք, թէ ինչ գոյն է սառոյցը։ Եթէ ան կանաչաւուն կամ կապտաւուն է, ապա անոր հաստութիւնը 10-12 սմ է։ Այդ հաստութիւնը ունեցող սառոյցը շատ ամուր կ’ըլլայ։ Իսկ եթէ սառոյցը խամրած ճերմակ է՝ դեղնաւուն երանգով, ապա ան անկայուն, բարակ շերտ է։ Անոր վրայ մի քալէք։

Յիշեցէք, վտանգաւոր է սառոյցի վրայէն քալելը երբ կը սկսի հալիլ եւ կամ երբ ան ծածկուած կ’ըլլայ ձիւնի շերտով։

Եթէ անհրաժեշտ է սառած գետակի վրայէն անցնիլ, ապա նախ եւ առաջ սառոյցի ամրութիւնը ստուգեցէք՝ ձեռնափայտի հարուածներով։

Եթէ հարուածէն ետք ջուր յայտնուի, գիտցէք, որ սառոյցը ամուր չէ։

Իսկ եթէ բախտի բերմամբ դուք սառոյցի կեդրոնին էք, ու սառոյցը ձեր ոտքերուն տակ ճեղքուած է, եւ կիսով չափ ինկած էք սառցաջուրի մէջ կամ սառոյցի վրայ,

իրար մի անցնիք, ձեր ձեռքերը մի թափահարէք։ Պէտք է վերադառնաք դէպի այն կողմը, ուրկէ եկած էք։

Սառոյցի վրայէն քալելու ժամանակ ձեր ձեռքերը ազատ պահեցէք, որպէսզի իյնալու պարագային արագ պաշտպանուիք։

Աւելի ապահով է կողմնակի քալելը

Սառոյցի ճեղքին մի մօտենաք, այլ միայն կարելի է մօտ սողալ որեւէ տախտակի կամ դահուկներու վրայ պառկելով։

Երբեք խեղդուողին ձեռք մի՛ մեկնէք, որովհետեւ դուք ալ հետը կը յայտնուիք ջուրին տակ։ Պետք է խեղդուողին մեկնել որեւէ տախտակ, դահուկի ձող, թել եւ այլն։ Կարելի է այդ նպատակով օգտագործել երկար շարֆ կամ վերնազգեստը՝ վերարկուն կամ բաճկոնը։

Սառցաջուրի մէջ յայտնուած մարդը կը սառի, անոր հագուստը կը թրջուի եւ զինք կը քաշէ դէպի ջուրի յատակը եւ ան շատ արագ կը կորսնցնէ իր ուժերը։ Այդ պատճառով փրկարարը պէտք է զգուշօրէն, բայց վստահաբար ու քաջութեամբ գործէ։

աղբիւր՝ poqrik.am

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...