Անցնող Տարին. Դանիէլ Վարուժան

Պառաւցած է:- Ձիւն գիսակներ` ծոծրակին
Խոր ակռաները կը սքողեն, եւ բերանն
Ակռայ չըկայ. Միսերը չոր, ցըրտագին
Կը դողան:

Ան կը փախչի մերկ ծառերուն խորերէն.
Կըքած, մախաղ մ’ունի ուսին. իր աչքեր`
Աղօտ լոյսով, ձանձրոյթ, խոնջանք կը փայլին
Տարուբեր…

Միշ կը փախչի մախաղովն, ուր իղձեր կան,
Մոխիր յոյսեր, անբախտներու վաղամեռ
Հառաչանքներն ու ինքնախաբ մարդկութեան
Երազներ:

Ժամանակի մ’հեղեղին մէջ, հէ՜ք պառաւ,
Պատրանքներով իր քամակն ալ ծըռածէ:
Կ’երթայ մեռնիլ հանգստութեան մէջ անձկաւ:
Անդարձ է…

Մըթընշաղին մէջ մարդիկներ, վայրապար,
Աբշօրէն լուռ կը նային անոր ետեւէն,
Եւ գոչելով թախանաձագին. Վայրկեա՜ն մ’ալ.
Կաղաչեն:

Բայց ուղեւորն լերան ետեւ ալ լըռին
Կը կորսըւի. Եւ կը դառնան մարդիկներ
Նոր եռանդով մը կ’ընդգրկեն Նոր Տարին,
Անտարբեր…

ԴԱՆԻԵԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...