Մեքսիկայի Ս. Մարիա Տէլ Տուլէ քաղաքին մէջ կ’աճի Դուլէ անունով այս ծառը:
Դուլէն աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող ամենահաստ ծառն է: Ըստ գիտնականներուն՝ այս ծառը
1500 տարեկան է. անոր տրամագիծը 11.62 մեթր է, իսկ բարձրութիւնը՝ 35 մեթր, իսկ կշիռքը կը հասնի
636 թոնի։
Առաջին հայեացքէն կարելի է կարծել թէ անիկա իրար միահիւսուած ծառերէ կազմուած է, սակայն
կատարուած ՏՆԹ փորձաքննութիւնները ապացուցած են, որ անիկա մէկ ծառ է:
Դուլէ կը նշանակէ <<Սրբազան ծառ>>: Երբեմն զայն կ՛անուանեն նաեւ <<Կեանքի ծառ>>:
Նիւթը Հայկաշխարհի համար պատրաստեց՝
Նարէ Մուրատեան