Աշխարհի Գիւտարար Երեխաները

Ձնագնացը  յօրինած է Ժոզէֆ-Արման Բոմբարդիէ Գանատայէն:

Տղուն հայրը որդիի 15-ամեակի առիթով անոր կը նուիրէ «ֆորտ» մեքենայ, որ վատ վիճակի մէջ էր եւ գրեթէ չէր շարժեր:

Այդ ժամանակ Արմանը որոշեց մեքենան մասերու բաժնել ու անկէ նոր բան ստանալ: Այդպէս  ալ ստեղծուեցաւ առաջին ձիւնագնացը:

Ցատկատախտակի (trampoline)  գաղափարը կը պատկանի Ջոն Նիսէնին՝ 16 տարեկան մարմնամարզիկին: Ան ցատկատախտակը ստեղծած է 1930 թ.։

Պատմութեան ընթացքին ցատկատախտակը գրեթէ փոփոխութեան չէ ալ ենթարկուած. նոյն մետաղական շրջանակը՝ մէջտեղը ձիգ կտոր:

Բջիջային հեռաձայններու լիցքաւորման նոր մարտկոցը յօրինած է Քալիֆորնիայի միջնակարգ դպրոցի աշակերտուհի Իշա Կարէն:

Ան կը լիցքաւորուի ընդամէնը 20 երկվայրկեանի ընթացքին, եւ երկար ժամանակ մարտկոցը չի պարպուիր:

Աւելի քան մէկ դար առաջ Ֆրէնգ Էփերսընը ձմրան պատահաբար դուրսը մոռացած էր կազաւորուած ըմպելիքով ու ձողիկով բաժակը:

Իսկ 1923 թուականին ` 18 տարի անց, չափահաս Էփերսենը կը յիշէ այդ դէպքի մասին եւ մասնագիտացուած խանութ կը բանայ,

որ կը սկսի զբաղիլ պտուղներով սառոյցի վաճառքով:

15-ամեայ Ջէգ Անդրական յօրինած է ենթաստամոքսային գեղձի, թոքերու եւ ձուարանի քաղցկեղի վաղ ախտորոշման մեթոտը:

Այս մեթոտը մի քանի անգամ աւելի արագ ու աժան է, իսկ արդիւնքները պարզ կը դառնան 5 վայրկեանէն:

Լուիզ Պրայլը 15 տարեկանին` 1824 թ.-ին յօրինած է տառատեսակ, որը հնարաւորութիւն կու տայ կոյրերուն կարդալ:

Մինչ այսօր այդ տառատեսակները կը կիրառեն կոյրերը աշխարհի բոլոր անկիւններու մէջ:

Իրականութեան մէջ Լուիզը այդ տառատեսակը յօրինած է գիշերը կարդալու համար,

որ այդ ժամանակ կը կիրառէին բոլոր զինուորականները ռազմական հաշուետւութիւններու գաղտնազերծման համար:

Պարամ Ճակկին զարմացուցած է ողջ աշխարհը՝ յօրինելով միջոց մը, որուն շնորհիւ մեքենաներու արտանետած կազը կը վերածուի թթուածինի:

Այս յայտնագործութիւնը առաջին 3 տարիներուն (2011-էն) ստացած է համաշխարհային տարածում եւ իր հեղինակը յայտնի դարձուցած ամբողջ աշխարհի մէջ։

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...