Առիւծն Ու Ջութակահարը. Լեհական Հեքիաթ

 

Խեղճ այրի մը կ’ապրէր իր միակ տղուն հետ: Տղան շատ լաւ ջութակ կը նուագէր, բայց, աղքատութենէն ստիպուած` հարուստ ագարակապանի մը քով խոզարած դարձած էր:

Ագարակապանը աղջիկ մը ունէր եւ իր տան նկուղին մէջ ալ առիւծ կը պահէր: Եւ, քանի որ չէր ուզեր աղջիկը ամուսնացնել, փեսացուներուն առջեւ պայման դրած էր, ով ուզէ իր աղջիկը կնութեան առնել, պիտի կարենայ ամբողջ գիշեր մը անցնել նկուղի մէջ` առիւծի հետ:

Առիւծը արդէն շատ հասարակ գիւղացիներ յօշոտած էր: Այս անգամ ալ խեղճ այրիի տղան` խոզարածը, որոշեց իր բախտը փորձել:
Ագարակապանը յօժար էր, որ խոզարածը ենթարկուի այդ փորձութեան: Եւ տղան սկսաւ պատրաստուիլ: Ան մէկ գրպանին մէջ ընկոյզ լեցուց, միւսը` քար, հետը վերցուց կաղնիի սեպ, կացին, օճառի փրփուրով լի  աման ու ածելի, թեւին տակ դրաւ ջութակը եւ, մթնելուն պէս, գնաց առիւծին քով գիշերելու:
Խոզարածը նկուղ մտցուցին եւ դուռը փակեցին:
Նկուղին մէջ սեղան մը կար, որուն վրայ մոմ կը վառէր: Մահճակալին անկողին կար փռուած:
Ներս մտնելուն պէս` խոզարածը սկսաւ ջութակ նուագել:
Առիւծը կը լսէր եւ լուռ կը զննէր տղան: Իսկ տղան կը նուագէր եւ ընկոյզ կ’ուտէր: Երբեմն ալ` առիւծին ալ կը հիւրասիրէր:
Առիւծը ընկոյզը շատ սիրեց, եւ ան ըսաւ.
– Պահ-պա՜՜հ, ի՜նչ համով է: Ինծի ալ տուր` ջարդեմ-ուտեմ:
խոզարածը միւս գրպանէն հանեց բուռ մը քար եւ տուաւ առիւծին: Ան քարը դրաւ ակռայի տակ, ամբողջ ուժով սեղմեց, սակայն քարը չջարդուեցաւ: Քարը վերադարձուց խոզարածին եւ ըսաւ.
– Դուն՛ ջարդէ:
խոզարածը քարը պահեց բուռին մէջ, բերանը առաւ ընկոյզը, կոտրեց եւ միջուկը տուաւ առիւծին:
– Խօսք չկայ, դուն ինձմէ զօրաւոր ես, – ըսաւ առիւծը: – Իսկ հիմա ինծի ջութակ նուագել չե՞ս սովորեցներ:
– Ինչո՞ւ չեմ սորվեցներ, – պատասխանեց տղան: – Միայն թէ` մատներդ հաստ ու կոպիտ են. պիտի նախ ուղղեմ, յետոյ սորվեցնեմ:
Նկուղի պատերը երկաթէ հաստոտ թիթեղներով էին պատուած: Տղան վերուց կաղնիի սեպը եւ բարձրացուց թիթեղի մը ծայրը:
– Թաթերդ դիր, այստեղ, – ցոյց տուաւ տղան, – եւ մատներդ կ’ուղղուին:
Առիւծն առջեւի թաթերը դրաւ երկաթէ թիթեղի տակ. տղան սեպը հանեց, առիւծի թաթերը մնացին թիթեղի տակ, իսկ տղան վրայէն ալ դեռ սեպով սեղմեց: Առիւծը այլեւս շարժուիլ չէր կրնար: Յետոյ տղան ամբողջովին օճառեց առիւծը եւ, ածելին վերցնելով, սափրեց: Միայն փարթամ բաշին ու պոչի ծայրին ձեռք չտուաւ: Անկէ ետք մտրակը հանեց ու սկսաւ ձաղկիլ առիւծի մերկ յետոյքը: Անիկա ցաւէն կ’ոռնար ու կ’երդուէր, որ այլեւս երբեք-երբեք տղային ձեռք չի տար, միշտ խոնարհ կ’ըլլայ եւ, եթէ ան կ’ուզէ` կը ձգէ-կը հեռանայ ծեր ագարակապանէն:
Վերջապէս տղան խղճաց գազանին եւ ձգեց զինք:
Լուսաբացին տղան պառկեցաւ անկողնի մէջ եւ ձեւացուց, թէ քնացած է, իսկ առիւծը, պոչը ծալած, հաւատարիմ շան նման նստեցաւ նրա ոտքերուն տակ:
շուտով ծառան ներս մտաւ ու կանչեց առիւծը: Ան պատասխանեց.
– Սու՛ս, թէ չէ` այս տղան քու յետոյքդ ալ կը սափրէ ու մտրակով կը ծեծէ:
Ծառան զարմանքէն քար կտրեց, յետոյ վազելով գնաց ագարակապանի քով ու պատմեց լսածն ու տեսածը:
– Յիմա՛ր, –ըսաւ անոր ագարակապանը: – Իմ առիւծս շատ քաջեր յօշոտած է: Միթէ՞ այդ խոզարածի հետ գլուխ չհանեց:
Ագարակապանը իջաւ նկուղ եւ ձայն տուաւ առիւծին.
– Գործերդ ինչպէ՞ս են, առիւծս:
Առիւծը ցած ձայնով պատասխանեց.
– Շուտ գնա’: Գնա’, թէ չէ` այս տղան քեզ ալ կը մտրակէ:
Այստեղ տղան ձեւացուց, թէ արթնցած է, եւ հարցուց.
– Եկողը ո՞վ է:
– Իմ ծեր ագարակապանս, – պատասխանեց առիւծը:
– Դուռը բաց` թող ներս գայ:
Առիւծը դուռը բացաւ, ագարակապանը մտաւ ներս, գնաց դէպի մահճակալը, ուր պառկած էր խոզարածը, բայց առիւծը գոցեց անոր ճանապարհը, չձգեց, որ ան մօտենայ տղային:
Ագարակապանը ըսաւ, որ պայմանը պայման է. իր աղջկան պիտի տայ խոզարածին: Տղան տարաւ տուն, առանց ձգձգելու հարսանիք ըրաւ: Բայց կ’ամչնար, որ փեսան խոզարած է: Ի՞նչ ընէր: Եւ հրամայեց, որ կառք  մը այնքան ոսկի բեռնել, որ ձիերը հազիւ տանեն, ու փեսային ըսաւ.
– Նստիր կառքը եւ գնա` ուր կ’ուզես, միայն թէ` աչքս քեզ չտեսնէ: Տղան ու ագարակապանի աղջիկը նստեցան կառքն ու գացին:
Երբ, ագարակապանի հաշուով, կառքը արդէն անցած էր իր կալուածներու սահմանը, ան առիւծին հրամայեց հասնիլ կառքին, աղջկան ու փեսային պատառոտել եւ իր ոսկիները ետ բերել:
Խոզարածը կառքի պատուհանէն նայեց ու տեսաւ, որ առիւծը զիրենք կը հետապնդէ։ Կնոջը ըսաւ.
– Սիրելի՛ս, ինչ-որ ըսեմ, այն ալ կ’ընես, թէ չէ` ես ալ, դուն ալ կործանուած ենք: Հագուստներդ հանէ, վար իջիր եւ չորեքթաթ եկուր կառքի ետեւէն:
Կինը ամէն ինչ ըրաւ այնպէս, ինչպէս պատուիրած էր ամուսինը: Երբ առիւծը տեսաւ մերկ աղջկան, սկսաւ վախէն դողալ ու ետ փախաւ: Եկաւ ագարակապանի քով ու ըսաւ.
– Տէ՛ր իմ, ճար չկար, վախէն փախայ: Ինծի գոնէ կիսով չափ սափրած էր, իսկ ուրիշ առիւծի մը` ոտքէն գլուխ: Այնպէս վախցայ, որ, արագ փախայ: Ուր կ’ուզէ, թող երթայ, ես անոր ետեւէն գացողը չեմ:
Ես ալ այնտեղ էի, ամէն ինչ աչքով տեսայ: Եթէ չէք հաւատար, կօշիկներուս նայեցէք` փոշին դեռ վրան է:

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...