Առիւծ Մհեր

Սասունի իշխան Սանասար տղայ մը ունեցաւ եւ զայն կոչեցՄհեր: Մհեր շատ արագ կը մեծնար: Երբ տասնհինգ տարեկան եղաւ, արդէն հսկայ մը դարձած էր: Օր մը առիւծ մը երեւցաւ Սասունի բերդին առջեւ: Տեղի բոլոր բնակիչները շատվախցան եւ պատսպարուեցան բերդին մէջ: Առիւծը փակածէր դէպի ցորենի դաշտ տանող լեռնոտ Սասունի ճամբան, եւեթէ այդպէս երկար շարունակուէր բոլոր բնակիչները անօթութենէն պիտի մեռնէին:

Սանասար տրտումտխուր նստեր էր իր գահին: Մհեր տեսաւհօր տխրութիւնը եւ հարցուց անոր.  

Հայրի՛կ, ինչո՞ւ տխուր ես:

Որդի՛,- հսկայ առիւծ մը նստեր է ճամբուն վրայ եւ չի ձգեր, որգիւղացիները ցորեն բերեն վարի դաշտէն: Մենք բոլորս պիտիմեռնինք անօթութենէն: Մհեր շատ բարկացաւ եւ ըսաւ:

Հայրի՛կ, ես պիտի երթամ ու սպաննեմ այդ առիւծը:

Մհեր անմիջապէս գնաց բերդին քով  առիւծը սպաննելու,երբառիւծը տեսաւ Մհերը, բացաւ բերանը եւ պատրաստուեցաւ համեղ որս մը ուտելու: Մհեր նետուեցաւ առիւծին վրայ, բռնեց անոր բերանը եւ պատռեց: Այսպիսով Մհեր փրկեց Սասունի բնակիչներու կեանքը։ Այս քաջութեան համար Մհերի անունը դրին Առիւծ Մհեր:

Սանասարի մահէն ետք, Սասունի Իշխան դարձաւ Առիւծ Մհերը: Ան Քառասուն տարի մնաց Սասունի իշխան: Թշնամիները կը սարսափէին Մհերէն: Ո՛չ ոք կըհամարձակէր մօտենալ Սասունի սահմաններուն:

Բայց Մհեր ծերացաւ եւ դեռ զաւակ չունէր: Եթէ մեռնէր, ո՞վ պիտի ըլլարանոր յաջորդը: Անոր համար ալ շատ տխուր էր:  

Օր մը հրեշտակ մը երեւցաւ Մհերին եւ ըսաւ. –Ո՜վ քաջ Մհեր, Աստուած լսեց քու սրտիդ փափաքը եւ շուտով տղայ մը պիտի ունենաս: Հրեշտակը անհետացաւ: Առիւծ Մհեր ուրախացաւ, որ իրեն յաջորդող մը պիտի ունենայ: Անցան ինը ամիսներ ու ինը ժամեր եւ Առիւծ Մհեր մանչ մը ունեցաւ, որուն անունը դրին Դաւիթ:

Եկէք պատասխանենք

1-Սանասարի որդի Մհերը ինչպիսի՞ մէկն էր

Մհեր շատ արագ կը մեծնար, երբ 15 տարեկան դարձաւ արդէն քաջ հսկայ մըն էր:

2-Սասունի բնակիչները ի՞նչ վտանգի մէջ էին :

Առիւծ մը փակած էր վարի դաշտի ճամբան, ուրկէ ցորեն կը բերէին, եւ եթէ այդպէս երկար շարունակուէր Սասունի բոլոր բնակիչները  պիտի մեռնէին անօթութենէն:

3-Մհեր ինչպէ՞ս փրկեց Սասունի բնակիչները եւ ի՞նչ կոչուեցաւ:

Մհեր նետուեցաւ առիւծին վրայ, բռնեց անոր բերանը եւ պատռեց: Այսպիսով փրկեց Սասունի բնակիչներու կեանքը։Անոր համար ալ կոչուեցաւ Առիւծ Մհեր:  

4-Մհեր ինչո՞ւ տխուր էր :

Մհեր տխուր էր, որովհետեւ ծերացաւ եւ դեռ զաւակ չունէր:

5-Հրեշտակը ի՞նչ ըսաւ Մհերին:

Հրեշտակը Մհերին ըսաւ, –Ո՜վ քաջ Մհեր, Աստուած լսեց քուսրտիդ փափաքը եւ շուտով մանչ մը պիտի ունենաս:

6- Առիւծ Մհեր զաւակ ունեցա՞ւ:

Այո, Առիւծ Մհեր տղայ մը ունեցաւ, որուն անունը դրին Դաւիթ:

 Բառարան:

Հսկայ = յաղթանդամ

Պատսպարուիլ = ապաստանի մէջ պահուըտիլ

Համեղ =համով

Փրկել=ազատել

Սարսափիլ =վախնալ

Անհետանալ =աներեւութանալ, անյայտանալ

Մանչ =տղայ, որդի

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...