«Ասացուածք Ծառ Տնկելու Առթիւ». Տեսանիւթ

Տէ’ր, օրհնէ՛ ծառն այս մատղաշ:
ես կը տնկեմ զայն ահա
փխրուն եւ սեւ հողին մէջ ուր
պապերըս կը պառկին.
ես՝ անոնց թոռը հսկայ, այս հողին
տէրն եմ կրկին,
ու արեւուն տակ կ՛աճիմ՝ անունն
իրենց շուրթիս վրայ:

պիտի բանայ ծառն այս մեծ իր
բազուկներն ու հոգին,
գրկած իր մէջ պապերուս արեւոտ
շունչը անմահ.
տէ՛ր, միսմինակ, նազելի, այս
ծառն աղօթք մը ըլլայ
ո՜ւ փաթթըւիլ իր մարմնոյն գան սիրողները գիւղին:

երկաթագիր պատմութիւնն այս մըտերիմ հողերուն
աչքիս արցունք կը բերէ… փառք ու մեռել շատ ունի
երկիրն իմ հին, ալեւոր՝ որուն ես թոռն եմ վայրի,
խոկումներով բեղմնաւոր, երազներով օրօրուն:

մեռելներուս իբրեւ խաչ՝ ես այս ծառը տնկեցի:

Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...