Արդեօք գիտես ի՞նչ գոյն է արեւի ճառագայթը

Արդեօք գիտես ի՞նչ գոյն է արեւի ճառագայթը։

“Վստահ ճերմակ է” պիտի պատասխանեն մեծամասնութիւնը։
Այո՛ ճերմակ է, բայց գիտե՞ս որ ան կազմուած է եօթը հիմնական գոյներէ։ Սկսեալ կարմիրէն,

յետոյ` նարնջագոյն, ետքը` դեղին, կանանչ, կապոյտ եւ մանուշակագոյն։

Երբ այդ գոյները կը խառնուին, արեւի ճառագայթը ճերմակ կ’երեւի։
Բայց երբ արեւի ճառագայթը անցնի եռանիստ ապակիի մէջէն իւրաքանչիւր գոյնի ճառագայթ

կը տեսնենք առանձին։ Ասոնք բնութեան գոյներն են։
Այս գաղտնիքը  երեք հարիւր տարիներ առաջ ի յայտ բերաւ անգլիացի գիտնական Նեուտոնը։

Նեուտոնը առաջինն էր, որ բացայայտեց, թէ արեւի ճառագայթը բազմագոյն է։

Կուզե՞ս ստուգել ըսածիս ճշմարտութիւնը։ Եկէք պատրաստենք կլորաձեւ խաւաքարթ մը եւ ներկենք

կարմիր, նարնջագոյն, դեղին,

կանանչ, կապոյտ եւ մանուշակագոյնով եւ կեդրոնը առանցքի մը կապենք եւ արագ, շատ արագ

դարձնենք։

Եւ ահա հրաշք, բազմագոյն շրջանակը կը դառնայ միագոյն` ճերմակ, որովհետեւ երբ դարձնենք

շրջանակը ամէն գոյները իրարու կը խառնուին։

Ապրի՛ս։ Հիմա դուն արդէն փոքրիկ գիտնական ես։

Նիւթը ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ԻՆ տրամադրեց

Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...