Արքայազնը եւ Պայար Ձին (ֆրանսական հեքիաթ)

 

Թագաւորը ունէր մինու­ճար տղայ մը։ Անգամ մը ան ըսաւ արքայազնին.

— Ո՛րդիս, ես երկու շաբաթով պիտի բացակայիմ։ Քեզի կը ձգեմ ամրոցին բոլոր բանալիները, բայց ահա այս մէկ սենեակը կ՝արգիլեմ մտնել։

— Լա՛վ, հայր իմ,— պատասխանեց արքայազնը։

Հայրը հազիւ ճանապարհ ելաւ, արքայազնը անմիջապէս բացաւ այդ սենեակը եւ հրաշագեղ ոսկէ աւազան մը տեսաւ այնտեղ։ Ան մատը մտցուց աւազանին մէջ, ու մատը իսկոյն ծածկուեցաւ ոսկիով։ Որքան ալ որ չարչարուեցաւ արքայազնը, չկրցաւ ոսկին հանել մատէն ու ստիպուած եղավ մատը լաթով փաթթելու։ Նոյն օրը, երեկոյեան, հայրը վերադարձաւ։

— Տղա՛ս, մտա՞ծ ես այն սենեակը։

— Ո՛չ, հայրիկ:

— Իսկ ի՞նչ պատահած է մատիդ։

— Ոչինչ, հայրիկ։

— Տղաս, քեզի բան մը պատահած է։

— Մատս վնասեցի, երբ մեր ծառաներուն համար հաց կը կտրէի։

— Մէկ հատ ցոյց տուր մատդ։ Արքայազնը ստիպուած էր ցոյց տալու մատը։

— Ես ալ որո՞ւն վստահիմ, եթէ չեմ կրնար վստահիլ հա­րազատ որդիիս,- դառնացած ըսաւ թագաւորը։

Յետոյ ան ըսաւ արքայազնին.

— Ես նորէն պիտի բացակայիմ երկու շաբաթով։ Ահա քեզի բոլոր բանալիները, բայց չմտնես այն սենեակը, ուր քեզի արգիլած եմ մտնել։

— Լա՛ւ, հայրիկ։ Հանգիստ եղէք։

Հայրը հազիւ մեկնեցաւ, արքայազնը վազեց ոսկէ շատրուանի մօտ ու թրջեց հագուստն ու գլուխը, նոյն վայրկեանին անոր հագուստները ոսկեզօծուեցան, մազերը՝ նո՛յնպէս։ Յետոյ ան գնաց ախոռ, ուր կանգնած էին երկու ձի՝ Մորոն ու Պայարը։

— Մորօ՛,— ըսաւ արքայազնը,— դուն քանի՞ լիօ կ՝ընես մէկ քայլի ժամանակ։

— Տասնը ութ։

— Իսկ դո՞ւն, Պայար։

— Ես՝ տասնը հինգ, բայց աւելի ճարտար եմ, քան Մո­րոն։ Դուք չեք զղջար, եթէ զիս վերցնէք։

Արքայազնը թռաւ Պայարի գաւակը, եւ անոնք սլացան։ Նոյն երեկոյեան թագաւորը պալատ վերադարձաւ։ Չտես­նելով տղան, վազեց ախոռ։

— Ո՞ւր է Պայարը,— հարցուց ան Մորոյին։

— Պայարը, սլացաւ ձեր որդիին հետ միասին։

Թագաւորը թռաւ Մորոյի գաւակն ու սլացաւ տղուն ետեւէն։

Որոշ ժամանակ ետք Պայարը ըսաւ արքայազնին.

— Ա՜խ, արքայազն, մենք կորսուած ենք։ Ես կը զգամ մեր ետեւէն Մորոյի շունչը։Վերցուցէք այս սպունգը եւ նետեցէք ձեր ուսին վրայէն որքա՜ն կրնաք բարձր ու հեռու։

Արքայազնը կատարեց ձիուն ըսածը, եւ ա՛յն տեղը, ուր ինկաւ սպունգը, իսկոյն յայտնուեցաւ խիտ անտառ մը։ Թագաւորը Մորոյի հետ սլացաւ անտառին մէջէն։

— Ա՜խ, արքայազն,— ըսաց Պայարը,— մենք կորսուած ենք։ Ես կը զգամ մեր ետեւէն Մորոյի շունչը։ Վերցուցէք այս քերիչը եւ ձեր ուսին վրայէն շպրտեցէք որքան կրնաք հեռու եւ բարձր։

Արքայազնը կատարեց ձիուն ըսածը, եւ իսկոյն անոնց ու թագաւորին միջեւ յայտնուեցաւ լա՜յն գետ մը։ Թագաւորը Մորոյին հեծած անցաւ գետը։

— Ա՜խ, արքայազն, մենք կորսուած ենք,— ըսաց Պայարը։— Ես կը զգամ մեր ետեւէն Մորոյի շունչը։ Վերցուցէք այս քարը եւ ձեր ուսին վրայէն նետեցէք որքան կրնաք բարձր ու հեռու։

Արքայազնը նետեց քարը ու անոնց ետեւը յայտնուեցաւ վիթխարի սար մը, որ ամբողջովին ծածկուած էր սրիչներով։ Թագաւորը կ՝ուզէր անցնիլ անոնց վրայէն, բայց Մորոյի ոտքերը կտրատուեցան, ու, հասնելով սարի կէսին, անոնք ետ դարձան։

Քիչ ետք՝ արքայազնը հանդիպեցաւ երիտասարդ բատրակի մը, որ իր տիրոջ հետ նոր փակած էր հաշիւը եւ կը վերադառնար տուն։

— Լսէ՛, բարեկամ,— ըսաւ անոր արքայազնը,— կ՝ուզե՞ս փոխել հագուստդ իմ հագուստներուս հետ։

— Վա՜յ,— պատասխանեց տղան,— ինչո՞ւ կը ծաղրէք զիս։- Բայց եւ այնպէս տուաւ անոր հագուստը։ Արքայազ­նը հագաւ զայն, յետոյ գնեց եզան փուչիկ ու զայն անցուց գլխուն։ Այս տեսքով ան գնաց այդ երկիրը կառա­վարող թագաւորին պալատը ու հարցուց, թե անոնք խոհարարի օգնականի կարիք չունի՞ն։ Զինք վերցուցին աշխատանքի։ Քանի որ ան երբեք փուչիկը չէր հանոեր գլուխէն ու կ՝աշխատէր ցոյց չտալ ոսկի մազերը, պալատին մէջ անոր անունը դրին Քոսոտ։

Թագաւորը ունէր երեք աղջիկ ու կ՝ուզէր ամուսնացնել անոնց։Արքայադուստրերէն ամէն մէկը պէտք է իր ընտրեալին նետէր ոսկէ խնձոր մը։ Եւ ահա, երկրի բոլոր իշխանները սկսան դանդաղ քայլերով անցնիլ անոնց մօ­տէն. երկու աւագ աղջիկները իրենց ոսկէ խնձորները նե­տեցին, մէկը՝ կաղին, միւսը՝ սապատաւորին։ Քոսոտն ալ խառնուեցաւ իշխաններու խումբին, ու ամենափոքր արքայադուստրը իր խնձորը նետեց անոր։ Աղջիկը անգամ մը տեսած էր, թէ ինչպէս տղան գաղտնի կը սանտրէ իր ոսկէ մազերը, ու գիտէր անոր ով ըլլալը։

Թագաւորը խիստ զայրացաւ աղջիկներու ընտրութենէն։

— Կաղ, կուզիկ, քոսոտ,— կ՝ըսէր ան։- Լա՜ւ փե­սաներ են։

Անցաւ որոշ ժամանակ ու թագաւորը հիւանդացաւ։ Անոր բուժման համար հարկաւոր էր Հունգարիոյ թագուհիին ջուրէն բերել երեք սափոր ջուր։ Կաղն ուԿուզիկը ճանապարհ ելան, որ այդ ջուրը ճարեն։ Արքայազնը ըսաւ կնոջ.

— Գնա, հարցուր հօրդ, կրնա՞մ ես ալ երթալ ջուր բերելու:

— Բարեւ, սիրելի հայրիկ։

— Բարեւ, տիկին Քոսոտ։

— Քոսոտը կը հարցնէ, կրնա՞յ ինքն ալ երթալ ջուր բերելու։

— Ինչպէս կ՝ուզէ։ Թող վերցնէ երեքոտնանի ձին եւ երթայ ու ետ չգայ։

Արքայադուստրը վերադարձաւ ամուսինին մօտ։

— Հը՞, հայրդ ի՞նչ ըսաւ։

— Սիրելիս, ան ըսաւ, որ վերցնես երեքոտնանի ձին ու երթաս։

Բայց չըսաւ, թէ թագաւորը կ՝ուզէ, որ ան ետ չգայ։

Արքայազնը  նստաւ ձին ու գնաց այն անտառը, ուր ձգած էր Պայարը։ Պայարի կողքին ան տեսաւ Հունգարիոյ թագուհիին ջուրով լի երեք սափոր, վերցուց զանոնք ու նորէն նստաւ երեքոտնանի ձին։ Ու երբ կ՝անցնէր իջեւանատան մօտէն, տեսաւ, որ իր երկու քենակալները կը ծիծա­ղին եւ գինի կը խմեն։

— Աս ի՜նչ է,— ըսաւ ան,— ուրեմն, դուք չէ՞ք գացած Հունգարիոյ թագուհիի ջուրին ետեւէն։

— Շա՜տ պէտք է մեզի,— պատասխանեցին անոնք։— Իսկ մի՞թէ դուն ճարած ես ջուրը։

— Այո՛:

— Չե՞ս ծախեր այդ երեք սափորը մեզի։

— Դուք կը ստանաք այդ սափորները, եթէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը թոյլ տայ, որ հարիւր անգամ բզով ծակեմ իր ետեւը։

— Լա՛ւ։

Կաղն ու Կուզիկը Հունգարիոյ թագուհիին ջուրը՝ երեք սափորով՝ բերին թագաւորին։

— Իսկ Քոսոտին դուք չհանդիպեցա՞ք,— հարցուց անոնց թագաւորը։

— Աստուած վկայ, որ չենք հանդիպած, ձերդ մեծութիւն,— պատասխանեցին անոնք։

— Լաւ պտուղ է ձեր Քոսոտը, խօսք չկայ։

Անցաւ որոշ ժամանակ, ու հիմա ալ պատերազմ սկսաւ։ Քոսոտը ըսաւ կնոջ.

— Գնա՛ հօրդ հարցուր, կարելի՞ է ես ալ երթամ արշաւանքի։

— Բարեւ, սիրելի հայրիկ։

— Բարեւ, տիկին Քոսոտ։

— Քոսոտը կը հարցնէ, թէ ինքը կրնա՞յ մեկնիլ ար­շաւանքի։

— Ինչպէս կ՝ուզէք։ Թող վերցնէ երեքոտնանի ձին, երթայ ու ետ չդառնայ։

Քոսոտին կինը վերադարձաւ ամուսինին մօտ։

— Հը՞, ի՞նչ ըսաւ հայրդ։

— Սիրելիս, ան ըսաւ, որ վերցնես երեքոտնանի ձին ու երթաս։

Արքայադուստրը չըսաւ, որ թագաւորը ցանկացաւ որ ան ետ չդառնայ։

Արքայազնը երեքոտնանի ձիով գնաց անտառ։ Տեղ հասնելով, հագաւ իր ոսկեզօծ զգեստները, հեծաւ Պայարին ու գնաց մարտի դաշտ։ Ան յաղթեց բոլոր թշնամիներուն։ Կը կռուէր ա՛յն թագաւորի զօրքին դէմ, որ իր հօրն էր։ Կաղն ու Կուզիկը, որ հեռուէն կը հետեւէին ճակատամար­տին, գացին թագաւորի մօտ ու ըսին.

— Էհ, ձերդ մեծութիւն, եթէ դուք տեսնէիք այն կտրի­ճը, որ հաղթեց թշնամիին…

— Ափսոս, որ իմ ամենափոքր աղջիկն ալ ամուսնա­ցած է,- ըսաւ թագաւորը։— Ես աղջկաս հաճոյքով կու տայի անոր։ Իսկ Քոսոտը չտեսա՞ք։

— Աստուած վկայ, որ չենք տեսած։

Շուտով նորէն պատերազմ սկսաւ։ Արքայազնը նորէն կնոջն ուղարկեց թագաւորին մօտ, որ ան իրեն արտօնէ մասնակցիլ արշաւանքին։ Յետոյ երեքոտնանի ձիով հասնելով անտառ, հեծաւ Պայարին ու առաջունէ աւելի գեղեցկանալով՝ մարտի մէջ մտաւ։ Ան շահեցաւ ճակատամարտը, իսկ Կաղն ուԿուզիկը հեռուէն կը նայէին ու կ՝ըսէին.

— Ի՜նչ կտրիճ է, ի՜նչ խիզախ…

— Էհ, ձերդ մեծութիւն,- ըսին անոնք թագաւո­րին,- եթէ դուք տեսնէիք ճակատամարտը շահած կտրի­ճը…

— Շա՜տ ափսոս, որ իմ կրտսեր աղջիկը ամուսնացած է։ Ես հաճոյքով աղջկաս կու տայի անոր։ Իսկ Քոսոտին չէ՞ք հան­դիպած:

— Աստուած վկայ, որ չենք հանդիպած։

— Լաւ պտուղ է ձեր Քոսոտը, խօսք չկայ։

Թագաւորի ամբողջական ապաքինման համար հարկաւոր էր երկու սափոր ջուր եւս։ Արքայազնը նորէն կինը ուղարկեց հօր մօտ՝ Հունգարիոյ թագուհիին ջուրը ճարելու համար արտօնութիւն ստանալու, եւ երեքոտանի ձիով գնաց անտառ։ Այնտեղ, Պայարի կողքին դրուած էր ջուրով լի երկու սափոր, ան վերցուց զանոնք ու վերադարձաւ։ Իջեւանատան մօտէն անցնելու ժամանակ, տեսաւ, որ Կաղն ուԿուզիկը ուրախ քէֆ կ՝ընեն։

— Աս ի՞նչ է, ուրեմն, դուք չէ՞ք գացած Հունգարիոյ թագուհիին ջուրը ճարելու։

— Շատ պէտք է մեզի,- պատասխանեցին անոնք։- Իսկ դուն ճարա՞ծ ես։

— Այո, ահա սափորները։

— Չե՞ս ծախեր մեզի։

— Ինչ խօսք, ես կը զիջիմ ձեզի այդ սափորները, եթէ դուք ինծի տաք ձեր ոսկէ խնձորները։

— Թող ուզածդ ատիկա ըլլայ։ Վերցուր։

Արքայազնը վերցուց ոսկէ խնձորները, իսկ անոր քենակալները՝ Հունգարիոյ թագուհիին ջուրը։

— Դուք չհանդիպեցա՞ք Քոսոտին,- հարցուց անոնց թագաւորը։

— Աստուած վկայ, ձերդ մեծութիւն, չենք հանդիպած, Աստուած վկայ։

— Լաւ պտուղ է ձեր Քոսոտը, խօսք չկայ։

Շատ ժամանակ չէր անցած, որ նորէն պատերազմ սկսաւ։ Արքայազնը նորէն գնաց անտառ, հագաւ իր ոսկեզօծ զգեստները ու, նախկինէն աւելի գեղեցիկ, հեծաւ Պայարին, սլացաւ մարտի դաշտ։ Ան նորէն շահեցաւ ճակատամարտը, ու երբ ամբողջ թափով ետ կը սլանար, թագաւորը, որ հեռուէն կը դիտէր ճակատամարտը, նետ մը արձակեց, ան ատիկա դիտմամբ ըրաւ, որ յետոյ կարենայ ճանչնալ կտրիճը։

Երբ անոնք վերադարձան անտառ, Պայարը ըսաւ տիրոջը.

— Արքայազն, ես ալ ձեզի պէս ազնուազարմ եմ։ Ինծի հրամայուած էր հինգ ծառայութիւն մատուցել այլ արքայազնի մը։ Կ՝ուզէ՞ք հետս ճանապարհ ելլել։ Ես կ՝ուզեմ ետ դարձնել իմ թագաւորութիւնը եւ ստանալ այն ամէնը, որ ինծի կը պատկանի։

Արքայազնը չցանկացաւ ուղեկցիլ անոր ու երեքոտնանի ձիով վերադարձաւ ամրոց։

Թագաւորը հրամայեց ամէն տեղ յայտարարել, որ ճակատամարտը շահողը պէտք է շռայլ պարգեւ ստանայ։ Շա՜տ-շատերը եկան պալատ, նախապէս իրենց ազդրի մէջ նետ մտցնելով, բայց թագաւորը իսկոյն կը տեսնէր, որ ատիկա իր նետը չէ։

Այդ ժամանակամիջոցին արքայազնը վերադարձաւ ամրոց, ու անոր կինը մարդ ուղարկեց բժիշկին ետեւէն, որ վերջինս հանէ ամուսինին ազդրէն նետը։ Թագաւորը տեսավ, որ բժիշկը մտաւ փեսային մօտ. նկատելով, որ բժիշկը այնտեղ երկար մնաց, թագաւորը ինքը եկաւ փեսային մօտ ու տեսաւ իր նետը, ան չէր կրնար հասկնալ, թէ նետը ինչ գործ ունի այստեղ։ Այդ ժամանակ արքայազնը ըսաւ.

— Այդ բոլորը ես ըրած եմ։ Առաջին անգամ ես ճարեցի Հունգարիոյ թագուհիին ջուրով երեք սափորը, բայց զանոնք զիջեցայ իմ քենակալներուն ու փոխարէնը հարիւր անգամ բզով ծակեցի անոնց ետեւը։ Իսկ յետոյ՝ եարկու սափորի դիմաց՝ անոնք ինծի տուին իրենց ոսկէ խնձորները։

Այդժամ թագավորը հրամայեց իր մոտ բերել Կաղին ու Կուզիկին։

— Հապա ըսէք, թէ ո՞ւր են ձեր ոսկէ խնձորները։

— Մենք կորսնցուցած ենք։

Անոնց լաւ ծեծեցին ու դուրս հանեցին պալատէն։ Իսկ արքայազնի հօր հետ հաշտութիւն կնքեցին, եւ բոլորը ապ­րեցան ուրախ ու երջանիկ։

 

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...