Բառերը մոգական ուժ ունին, վստահ եմ.

-Երբ ձեզի կ’ըսեն,- ես քեզի կը սիրեմ, այս արտայայտութիւնը ձեզի ուժ կու տայ։

-Երբ ձեզի կ’ըսեն,-  ես շատ հպարտ եմ քեզմով, դուք աւելի ինքնավստահ կը զգաք:

-Երբ անյաջող բան մը ընէք եւ մէկը ձեզի ըսէ,- վնաս չունի, նորէն փորձէ, դուք անպայման կը փորձէք յաջորդ անգամ աւելի լաւ ընել եւ կը փորձէք յաղթահարել դժուարութիւնները։

-Երբ ձեզի կ’ըսեն, ես քեզի կը վստահիմ, դուք աւելի ինքնավստահ կ’ըլլաք եւ չէք կրնար խաբել ձեզի վստահողը։

-Երբ ձեզի կ’ըսեն, շնորհակալութիւն, ձեր կատարած գործի համար դուք ձեզի արժեւորուած ու յարգուած կը զգաք։

-Երբ սխալ մը գործէք անպայման ըսէք,- ներողութիւն, այդպէս ձեր շուրջիններուն կը փաստէք, որ դուք քաջ էք եւ անոնք աւելի շատ կը սիրեն ու կը յարգեն ձեզ։

Երբ ձեզի կ’ըսեն,– հաճիս օգնէ ինծի, դուք ձեզի պիտանի եւ կարեւոր կը զգաք:

-Երբ  ձեր ծնողները ձեզի կ’ըսեն,– մենք շատ ուրախ ենք, որ քեզի ունինք դուք ձեզի սիրուած կը զգաք։

Ուրեմն այնպէս եղէք, որ միշտ լսէք այս արտայայտութիւնները եւ դուք ալ ուրիշներուն նկատմամբ եղէք սիրալիր։