Լսելու համար սեղմել այստեղ
Ժամանկին այր մը եւ կին մը կ’ապրէին: Այս այրն ու կինը՝ իրար չէին հաւներ: Մարդը, կնկան յիմար կ’ըսէր, կինն ալ մարդուն: Միշտ կը կռուէին իրարու հետ:
Օր մը, մարդը քանի մը տոպրակ իւղ ու բրինձ առաւ, տուն բերաւ: Կինը բարկացաւ:
Կինը հանդարտեցաւ, իւղն ու բրինձը տարաւ ու պահեց:
Օրեր, շաբաթներ անցան: Կինը սպասե՜ց ու սպասեց .. Բարեկենդանը չեկաւ: Օր մը, կինը դրան սեմը նստած էր, տեսաւ մարդ մը, որ արագ-արագ քայլերով իրենց փողոցէն կ’անցնէր: Ձեռքը ճակտին դրաւ ու ձայնեց.
– Եղբա՜յր, եղբա՜յր, կեցի՛ր նայինք: Մարդը կանգ առաւ:
– Եղբայր, Բարեկենդանը դո՞ւն ես: Ճամբորդը նկատեց, որ այս կնկան խելքը պակաս է. մտածեց՝ այո ըսել, որ տեսնէ թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ:
– Այո՛, ես եմ Բարեկենդանը, քոյրի՛կ . ի՞նչ կ’ուզես:
– Կ’ուզեմ, ըսել որ մենք քու ծառադ չենք, քու իւղդ ու բրինձդ չենք կրնար պահել: Հերիք չէ՞ այսքան ատեն պահեցինք. չե՞ս ամչնար: Ինչո՞ւ չես գար, ապրանքդ չես տանիր:
– Ինչո՞ւ կը բարկանաս, քոյրի՛կ, ես ալ ճիշդ ատոր համար եկեր եմ: Ձեր տունը կը փնտռէի, չէի գտներ:
– Է՛հ, եկո՛ւր տա՛ր ապրանքդ: «Բարեկենդան»ը ներս մտաւ, իւղն ու բրինձը առաւ, շալկեց ու տարաւ:
Ամուսինը երբ տուն եկաւ. կինը ըսաւ.
– Բարեկենդանը եկաւ, իր իւղն ու բրինձը շալակը տուի՝ առաւ տարաւ:
– Ի՞նչ Բարեկենդան, ի՞նչ իւղ ու բրինձ..
– Այդ իւղն ու բրինձը: Տեսայ որ վերէն կու գար, մեր տունը կը փնտռէր. կանչեցի լաւ մը խայտառակեցի, ի՜նչ ունէ՜ր՝ շալակը տուի, առաւ տարաւ:
– Վա՜յ անխելք կին. ո՞ր կողմ գնաց:
– Ա՜յ, այն կողմը:
Մարդը ձին հեծաւ, «Բարեկենդան»ին ետեւէն ինկաւ ճամբայ: «Բարեկենդան»ը երբ ետ նայեցաւ, տեսաւ որ ձիաւոր մը կու գայ դէպի իր կողմը: Մտածեց, որ եկողը այդ անխելք կնոջ ամուսինն է: Մարդը եկաւ ու հասաւ իրեն:
– Բա՜րի օր եղբայր:
– Աստուծոյ բարին:
– Այս ճամբէն մարդ մը չանցա՞ւ:
– Անցաւ:
– Ի՞նչ ունէր շալակը:
– Իւղ ու բրինձ:
– Այո՛, ան է: Որքա՞ն ժամանակ անցաւ:
– Բաւական եղաւ:
– Եթէ ձիս քշեմ՝ կը հասնի՞մ:
– Ուրկէ՞ պիտի հասնիս. դուն ձիո՜վ, ան ոտքով: Մինչեւ քու ձիդ չորս ոտքը փոխէ –մէկ, երկու, երեք, չորս- ան երկու ոտքով՝ մէկ-երկու, մէկ-երկու, շուտ մը կը հեռանայ:
– Հապա՛, ի՞նչ պէտք է ընեմ:
– Ի՞նչ պիտի ընես. մտիկ ըրէ՛, եթէ կ’ուզես ձին քովս ձգէ՛, դուն ալ անոր պէս ոտքով վազէ՛, թերեւս կը հասնիս:
– Այո՛, լաւ միտք է:
Մարդը իջաւ, ձին ձգեց անոր քով եւ ոտքով ճամբայ ինկաւ: Հազիւ քիչ մը հեռացաւ, «Բարեկենդան»ը շալակի իւղն ու բրինձը բեռցուց ձիուն կռնակը, ինքն ալ վրան նստաւ, ուրիշ ճամբայով մը ձին քշեց գնաց: Իսկ մարդը քալե՜ց, քալե՜ց, ու տեսաւ որ չի հասնիր, ետ դարձաւ:
Երբ դարձաւ, տեսաւ որ իր ձին ալ չկայ: Վերադարձաւ տուն: Կրկին սկսան կռուիլ, մարդը՝ իւղին ու բրինձին համար, իսկ կինը՝ ձիուն համար:
Մինչեւ այսօր ալ՝ այր ու կին կը կռուին: Մարդը կնկան կ’ըսէ յիմար, կնիկը՝ մարդուն: Իսկ «Բարեկենդան»ը կը լսէ ու դեռ կը ծիծաղի:
Գրեց: Յովհաննէս Թումանեան
աղբիւր Հեքիաթների աշխարհ https://youtu.be/q-lZuT0INN8
արեւմտահայերէնի վերածեց Հայկաշխարհը