Բարեկենդան. Աւանդական եւ Կրօնական Տօն

Բարեկենդանը հին հայկական տօն մըն է, կ՛ըսուի որ հին ժամանակ եղած է հայկական նոր տարի։

Ձմրան վերջին օրերուն, երբ տակաւին ճամբաները, տուներն ու ծառերը ձիւնով ծածկուած կ’ըլլային,

մարդիկ կը հաւաքէին մառաններու մէջ մնացած մթերքները եւ կ՛ուրախանային:

Կը ծպտուէին տունէ տուն կ՛երթային, նուշ ու կաղին հաւաքելու, յետոյ բոլորը միասին կը նստէին,

հաւասար կը բաժնուէին իրենց նուէրները եւ դափ ու թմբուկ նուագելով կը զուարճանային:

Մառանի գերանէն կախօրրան կը կախէին ու կը խաղային:

Կախօրրանը երկու հաստ պարաններ են, անոնց մէկ ծայրը կը կապէին գերաններէն,

իսկ միւս ծայրերով, կլոր օղակ մը կը շինէին ու մէջը կը նստէին: Ոտքերով իրար կը բռնէին ու կ’օրօրուէին:

Օրօրուելու ժամանակ ամէն մէկը իր ըրած չարութիւնները պէտք է ըսէր ընկերոջը, որ Նոր Տարին բարի ըլլար իրեն համար:

Բարեկենդանի տօնը աւելի հին Քան Եւրոպական երկիրներու յայտնի քարնաւալները։

Քրիստոնէութենէն ետք, բուն Բարեկենդանը դարձաւ հոգեւոր տօն, որ կը նշուի

Մեծ պահքէն առաջ, կիրակի օրը: Բուն Բարեկենդանի նախորդող օրը` Շաբաթ երեկոյեան,

ժամերգութեան ընթացքին, եկեղեցւոյ խորանի վարագոյրը կը քաշուի, խորանը կը ծածկուի

եւ այնպէս փակ կը մնայ պահքի եօթ շաբաթներու շրջանին։

Հին ժամանակ մարդիկ եկեղեցիէն տուն կու գային եւ ակլատիզ կը պատրաստէին։

Երկու փայտ խաչաձեւ իրարու կը կապէին, հագուստ կը հագցնէին, անոր վրայ կ՛ամրացնէին սոխ մը,

իսկ սոխին  մէջ կը խրէին եօթ փետուր, որոնք կը խորհրդանշէին Բուն բարեկենդանէն

մինչեւ Զատիկ տեւող եօթ շաբաթներու պահքը:

Ամէն շաբաթ երեկոյեան փետուրներէն մէկը կը հանէին եւ կը նետէին թոնիրին մէջ:

Քրիստոնէական տօն դարձած բարեկենդանն ալ կը նշէին յատուկ ճաշեր պատրաստելով,

խաղերով, մրցումներով, թատերախաղերով, պարերով ու երգելով…

ԲԱՌԱՐԱՆ

Մառան=շտեմարան

Ծպտուիլ=կերպարը փոխել

Ժողվել=հաւաքել

Նախոր= անմիջապէս անկէ առաջ պատահող

Ժամերգութիւն=եկեղեցական արարողութիւն

Ժամ= եկեղեցի

Խաղ. Կազմեցէք Բարեկենդանի Խճանկարը

You are donating to : Greennature Foundation

How much would you like to donate?
$10 $20 $30
Would you like to make regular donations? I would like to make donation(s)
How many times would you like this to recur? (including this payment) *
Name *
Last Name *
Email *
Phone
Address
Additional Note
paypalstripe
Loading...